Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններէ ներս տասնամեակներ շարունակ Միջին Արեւելքի թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելուն, կուռ հայրենասիրութեան եւ անխառն նուիրումին առ ի գնահատանք։
Վեթերան ընկեր Փանոս Թիթիզեան եղա՛ւ եւ կը մնա՛յ իր սերունդին այն ներկայացուցիչը, որ հայրենասիրութիւնը, Հայաստանասիրութիւնն ու Ս. Էջմիածինը դասեց ամէն բանէ վեր եւ յանուն այդ գաղափարախօսութեան, ՌԱԿ կը շարունակէ դաւանիլ պետականամէտ քաղաքական ուղղութիւն՝ Հայաստանի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պահպանումն ու հզօրացումը ունենալով հիմնակէտ։ Ընկեր Թիթիզեան նոյն բարձր գիտակցութեամբ փարեցաւ նաեւ Թէքէեան Մշակութային եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութիւններուն։ Պատի՛ւս Արժանաւորին։
Ի դիմաց ՝
ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Հրաչ Սեփեթճեան Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Ալթատինա, 12 Մարտ 2017