«ԽՈՍՏՈՒՄ» ՖԻԼՄԸ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԵՐԳԻՉ ԷԼԹԸՆ ՃԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
Հանգուցեալ բարերար Գըրգ Գրիգորեանի “Survival Pictures”-ի արտադրած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» (“The Promise”) ֆիլմը ցուցադրուեցաւ Կիրակի, Փետրուար 26-ին, Էլթըն Ճանի բարեսիրական հիմնարկի հովանաւորութեամբ: Այս առթիւ անգլիացի մեծանուն երգիչը ըսաւ. «Մեզի համար պատիւ մըն է այս ֆիլմը ներկայացնել մեր ձեռնարկի ընթացքին»:
Ֆիլմի արտադրիչն է Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան: Ֆիլմը ԱՄՆ-ի մէջ տարածելու իրաւունք ունի Open Road Films ընկերութիւնը, որ որոշած է Ապրիլ 28-էն սկսեալ ամբողջ ԱՄՆ-ի տարածքին ցուցադրել այս ֆիլմը: Ֆիլմի արտադրիչը եւ դերասաններուն մեծ մասը շատ անուանի անձնաւորութիւններ են ֆիլմաշխարհի մէջ:
ԱՐԱ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Արա Մածունեան ծանօթ արուեստագէտ մըն է: Ան շրջանաւարտ է UCLA-ի Գեղարուեստի բաժանմունքէն: Ութը տարի եղած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնին արտադրիչ: Ունի 30-է աւելի ֆիլմեր եւ հեռատեսիլի ծանուցումներ: Եղած է դերասան, դասախօս: Մարտ 16-30, Կլենտէյլի «Ռոսլին» սրահին մէջ Արա Մածունեան պիտի ներկայացնէ «Թռչնոց Բոյն» լուսանկարներու ցուցահանդէսը, յետագային՝ Մարտ 23-ին այս լուսանկարներու գիրքին ներկայացումը եւ մակագրութիւնը, իսկ Մարտ 28-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Մածունեանի բեմադրած «Վարդագոյն փիղը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը: Ձեռնարկները տեղի կ՚ունենան «Ապրիլ» գրատան կից «Ռոսլին» սրահին մէջ:
ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՅ
Հայ Կաթողիկէ Ֆրեզնոյի Առաջնորդարանի, Ֆրեզնոյի Հայկական Թանգարանին եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, Փետրուար 27-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի տօնական ստեղծագործութեանց անգլերէն թարգմանութիւնը՝ “The Festal Works of St. Gregory of Nareg” հատորը, որու հեղինակն է Աբրահամ Տէրեան:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի կեդրոնական սրահին մէջ:
ԱՍԻԱ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Կազմակերպութեամբ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայագիտական Ուսմանց եւ Ուսումնասիրութեան Ազգային Միութեան (NAASR), Կիրակի, Փետրուար 26, երեկոյեան ժամը 4-ին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, նուիրուած «Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին ռուսական հակազդեցութիւնը» նիւթին շուրջ:
Դասախօսուհին էր Մեսեչուսեցի «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան «Սթրասըր» Ուսումնասիրական Կեդրոնի դոկտորական ուսանող՝ Ասիա Դարբինեան, որ 2008-2013 տարիներուն եղած է Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի վարիչը:
ԼԱՐԻՍԱ ՍԱՖԱՐԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Հինգշաբթի, Փետրուար 23, երեկոյեան ժամը 7-ին բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ արուեստագէտ Լարիսա Սաֆարեանի անհատական ցուցահանդէսին: Հաւկիթի կեղեւներու վրայ փորագրութիւններով յատկանշուած են Լարիսա Սաֆարեանի արուեստի գործերը:
Ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Հայկական Արուեստներու ցուցասրահին մէջ:
ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԱՄՍԱԿԱՆ ՃԱՇԸ
Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի օրը Լոս Անճելըսի Արարատ Տարեցներու Տան «Ճորճ Տէօքմէճեան» ընդարձակ սրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ ճաշկերոյթ մը:
Տարեցներու Տան այս ձեռնարկը դրամահաւաքի ձեռնարկ մըն է: Տարեցներու Տունը ունի տարեկան իր տարեդարձի ճաշկերոյթը, դաշտահանդէսը եւ ամսական կէսօրուայ ճաշը: Ամսական ճաշը հովանաւորել ուզողները կրնան կապ պահել Մարօ Ուզունեանին հետ, հեռաձայնելով (818) 342-4663 թիւին:
ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ «ԱՌԱՆՁՆԱՑՈՒՄ»
Մարտ 10, 11, 12-ին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը “Reclaim” անուան տակ երեք անմոռանալի օրերու ընթացքին, մօտ 23 հոգեւորական-աշխարհականներ ելոյթներ ունեցան, հոգեպէս ամրացնելու համար ներկաները՝ Պըրպէնքի Առաջնորդարանի համալիրին մէջ: Արեւմտեան Թեմը, գլխաւորութեամբ բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, հոգեւոր, մշակութային, ազգային ոլորտներու մէջ Հայաստանին եւ Արցախին ի նպաստ հսկայածաւալ գործ կը տանի:
Թեմը ունի 50-է աւելի եկեղեցիներ եւ ծուխեր Արեւմտեան Շրջանին մէջ, եւ Առաջնորդարանի անմիջական հսկողութեան տակ 40-է աւելի յանձնախումբեր կը գործեն Աստուծոյ փառքին եւ մեր հայրենիքին ու ազգին օգտին համար:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
Հինգ տարի առաջ Արեւմտեան Թեմէն ներս հաստատուեցաւ թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կրթական հիմնադրամը, նիւթական նպաստ տալով հայ աշակերտութեան եւ ուսանողութեան: Ցարդ հիմնադրամը տրամադրած է 130,000 տոլար այս նպատակին համար:
Ուրբաթ, Ապրիլ 7-ին, Հոլիվուտի Տաղլեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հիմնադրամի տարեկան ճաշկերոյթ-դրամահաւաքի խրախճանք:
«ԱՆԱՊԱՏԻ ԱԳՌԱՒՆԵՐ» ՖԻԼՄԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Կիրակի, Մարտ 19, կ.ե. ժամը 4-ին տեղի պիտի ունենայ «Անապատի Ագռաւները» (Crow of the Desert) վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը Սան Փիտրոյի «Ուորգըր Կրէնտ» շարժապատկերի սրահին մէջ:
Մարթա Հուսֆէի բեմադրած այս ֆիլմը հիմնուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած Լեւոն Եօթնաղբարեանի յուշերուն վրայ եւ կը պատմէ այլ վերապրողները փրկելու Լեւոնի արկածախնդրութիւններուն մասին: Երեք տարուայ աշխատանքի արդիւնք եղող այս ֆիլմը իրականութիւն դարձած է Եօթնաղբարեանի թոռան՝ Լեւոն Բարեանի արտադրութեամբ։
ԻՐԱՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՔԱՐԻ ՕԾՈՒՄԸ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ
Կիրակի, Ապրիլ 2,-ին, յաւարտ Ս. Պատարագի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, պիտի կատարուի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան կողմէ նուիրուած խաչքարը: Օծուելէն ետք, եկեղեցւոյ «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յիշենք, թէ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը իր գոյութեան առաջին օրէն իսկ (Ապրիլ 1977) միշտ ալ իր նպաստը բերած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բազմաթիւ ծրագիրներուն: Միութիւնը իր նպաստը բերած է նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հիմնադրութեան ծախսերուն: Միութիւնը նաեւ Թահանկայի մէջ գործող Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ կնքահայրերէն մին է:
Սիրով հրաւիրուած է հայ ժողովուրդը Կիրակի, Ապրիլ 2-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Խաչքարի օծման եւ անոր յաջորդող հիւրասիրութեան:
ԱՐՑԱԽԻ ՇԱՐԺՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Ուրբաթ, Մարտ 24-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի պիտի ունենայ Արցախի ազատագրական շարժումի 25-ամեակին նուիրուած դասախօսութիւն մը: Այդ օր պիտի զեկուցէ Թորոնթոյէն յատկապէս այս ձեռնարկին համար եկող՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Պոլսահայերու Միութեան մշակութային յանձնախումբին կողմէ եւ տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՅՈՒՇԱՔԱՐԸ
Փետրուար 13-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի պարտէզին
մէջ յուշաքար մը դրուեցաւ նռնենիի մը շուրջ, որ ցանուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի հայազգի անդամ՝ Փօլ Գրիգորեանի ձեռամբ: Ծառը եւ յուշաքարը զետեղուած էին ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Յիշենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով քաղաքային խորհուրդի անդամը նուռի 100 ծառ տնկեց Լոս Անճելըսի քաղաքի պետական շրջաններու մէջ: Արեւմտեան Թեմի վաստակաշատ կղերականներէն Տէր Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան ներկայ էր արարողութեան:
ՇՄԱՒՈՆ ՇՄԱՒՈՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Մարտ 10-12, 2017, Փասատինայի ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթ նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեանի նկարներուն անհատական շատ հետաքրքրական ցուցահանդէսը:
ՏԱՊԱՆՃԵԱՆ-ԷՄԻՐԶԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ
Արա Տապանճեան եւ Արմէն Էմիրզեան կայացած երգիչներ են, որոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ սիրով նուիրուած են հայ երգին:
Անոնք միասնական ճիգերով ու երգով վերջերս հրատարակած են «Փափաք» անունով նոր երգերու ալպոմ մը:
Շաբաթ, Ապրիլ 1-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ Հոլիվուտի «Պարնզտէյլ» սրահին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ այս զոյգը։ Անոնք Վահան Թէքէեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Միսաք Մեծարենցի, Ռուբէն Որբերեանի, Զարուհի Պէրպէրեանի եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններու իրենց յօրինած երգերը պիտի երգեն: Տոմսերու համար դիմել itismyseat.com կայքէջին:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ
Գաղութիս երախտարժան եւ պատուաբեր միութիւններէն է «Հայրենիք» միութիւնը:
25 տարի առաջ՝ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, տարբեր երկիրներէ եկած մարդասէր եւ հայրենասէր հայեր քով-քովի գալով հիմը դրին «Հայրենիք» բարեսիրական միութեան:
Այս միութեան անդամները շատ խոնարհ եւ նիւթապէս ոչ շատ ունեւոր հայեր, որոնց նպատակն է խօսքէ աւելի գործնական աշխատանքով եւ «լեռներ շարժող հաւատքով» օգտակար հանդիսանալ մեր վերանկախացեալ հայրենիքին: Անոնք ամէն տարի 150-200,000 տոլար հաւաքելով, զանազան ծրագիրներ կ՚իրագործեն հայրենիքին եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին համար:
Շաբաթ, Ապրիլ 8-ին, Լոս Անճելըսի Պոլսահայերու Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ այս միութեան 25-ամեակի փառաշուք հանդիսութիւնը: Հասցէն է՝ 19276 Sherman Way, Winnetka:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ կը պատրաստուի շատ ճոխ նուիրատուներու գրքոյկ մը: Ճաշկերոյթը պիտի խանդավառէ գաղութի ծանօթ երգիչներէն՝ Արշամ: Որպէս հիւր երգիչ ելոյթ պիտի ունենայ Սալբի Մայիլեան, «Կիլիկիա» պարախումբը եւ պատանեկան ճիմնազիումի խումբը:
Տոմսակի համար դիմել «Հայրենիք» միութեան՝ (213) 246-3646, կամ (213) 721-1376 թիւերուն: