Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Չորք-Մարզպանի Հայրենակցական Միութիւն. Ժողովրդական նախաճաշ-հաւաքոյթը

Հայրենակցական միութեան մը համար նախաճաշ-հաւաքոյթը բոլորին մատչելի յարմարագոյն միջոցառումն է, քով-քովի բերելու ոչ միայն հայրենակիցներ, այլեւ՝ նոյն գերդաստանի անդամներ, անոնց բարեկամներով ու դրացիներով։

Մարտ 5-ի Կիրակին, կ.ա. ժամը 10-էն սկսեալ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոն կը ժամանէին ընտանիքները։ Հետզհետէ կ՚աշխուժանար սրահը։ Պատմելիք ու զրուցելիք շատ բաներ կային անցեալէն ու ներկայէն։

Հաւաքոյթին բացումը կատարելու չէր ուշանար Չորք-Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան ատենադպիր Պրն. Գէորգ Յակոբեան։ Անիկա ոգեկոչեց հայրենի բնօրրանի առինքնող բնութիւնը, անոր դալարագեղ պարտէզներով եւ հանրածանօթ նարնջենիներով, ընտանեկան աւանդական բարքերով. այս բոլորը վայրագօրէն տրորուած էին 1909-ին, 1915-ին եւ 1921-ին, բռնագաղթի ենթարկելով Չորք-Մարզպանի մնացեալ ողջ հայութիւնը։ Պրն. Յակոբեան ապա յատկապէս նշեց ներկայութիւնը Տէր եւ Տիկ. Ա. եւ Ա. Գալայճեանի, Տէր եւ Տիկ. Ա. ու Լ. Գալայճեանի, Պրն. Մ. Վարդանեանի, Տէր եւ Տիկ. Փ. եւ Ա. Թիթիզեանի, Տիկ. Ա. Գարայեանի, Տէր եւ Տիկ. Դոկտ. Մ. ու Ն. Գոճայեանի, Տէր եւ Տիկ. Յ. եւ Ա. Մարտիրոսեանի, Տէր եւ Տիկ. Վ. եւ Ա. Գուրուեանի, Տէր եւ Տիկ. Խ. ու Ռ. Ճանոյեանի եւ Տոքթ. ու Տիկ. Սիմոն եւ Ա. Սիմոնեանի։

Raffi Catering-ի կողմէ մատուցուած նախաճաշը ճոխ էր եւ համադամ՝ ֆուլի, թարմ կանաչեղէնի, հաւկիթի մէջ տապկուած երշիկի ու մամունիէի սպասարկութեամբ։ Հայկական եւ եւրոպական ծանօթ եղանակներու յաջող կատարումները orgue-ի վրայ, հայրենակից Արամ Լեփեճեանի կողմէ, խանդավառեցին սրահը, կարգ մը սեղանակիցներ մղելով շուրջպարի։ Պրն. Խաչիկ Թանկեանի կողմէ հայկական երեք մեներգներու ինքնաբուխ ելոյթը արժանացաւ ներկաներու ջերմ ընդունելութեան։ Պրն. Վ. Գուրուեան, իր ուսուցիչին՝ Պրն. Վ. Թամամեանի Տէօրթ-Եոլի որբանոցի կեանքէն հետաքրքրական դրուագներ պատմեց։ Իսկ bingo-ի ժողովրդական վիճակախաղը, կազմակերպութեամբ Տիկ. Լ. Պալեանի, ուրիշ մէկ այլազանութիւն պարգեւեց ներկաներուն։

Օրուան ստեղծած խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած, յօգուտ Չորք-Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան բարեսիրական նպատակներուն, կատարուեցան հետեւեալ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները.

Տէր եւ Տիկ. Արտաւազդ եւ Արուս Գալայճեան $1500

Տէր եւ Տիկ. Անդրանիկ ու Լենա Գալայճեան 700

Տիկ. Անժէլ Գարայեան 100

Տէր եւ Տիկ. Ուիլպըր ու Մարի Աղազարեան-Կաթրի 100

Տէր եւ Տիկ. Ռապըրթ եւ Էլիզապէթ Պալեան 100

Տէր եւ Տիկ. Յովակիմ եւ Այտա Պապուճեան 100

Պրն. Խաչատուր եւ Ալիս Թանկեան 100

Վարձքը կատար վարչական կազմի անդամներուն իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար։

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ