Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Էլիս Այլընտ» շքանշան ութ հայերու

Այս տարի, հանրայայտ եւ համաշխարհային ճանաչում վայելող «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանը, ի շարս այլով, պիտի տրուի ութ հայորդիներու։ Անոնք են՝ գործարար Գուրգէն Պէրքսանլար, բարերար Վարանդ Ֆրենք Մելքոնեան, միզաբան Տոքթ. Կարօ Դերձակեան, Ճօէն Աղաճանեան-Քուին, բարերար Ռութ Պետեւեան, երգիչ Էնտի Անդրանիկ Մատատեան, Դոկտ.-Փրոֆ. Արա Թէքեան եւ Լուսին Մարտիրոսեան-Հարվի։

Այս շքանշանը 1986-էն ի վեր կը շնորհուի անոնց, որոնք իրենց համայնքէն ներս ներդրում կատարած եւ հետք մը ձգած են պահելու ինքնութիւնն ու մշակոյթը, նոյն ատեն իրենց նուիրումը բերելով ամերիկեան տեղական կեանքին մէջ։Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիսին, Նիւ Եորքի մէջ։

Կը շնորհաւորենք արժանաւոր բոլոր մեր հայրենակիցները, եւ մանաւանդ թերթիս բարեկամ Տիար Գուրգէն Պերքսանլարը, որ երկար տարիներ իր ներդրումը բերած է Պոլսահայ Միութենէն եւ ՀԲԸՄ-էն ներս։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ