Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախեան հարցի լուծման նոր տարբերակ՝ բաղկացած երեք մասէ

Սեղանին դրուած է նոր ծրագիր, որ նախորդ ծրագիրներու յղկուած տարբերակն է, Մարտ 27-ին Երեւանի մէջ լրագրողներուն ըսած է ԵԱԿՀ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլենտ։ «Այս ծրագիրը նոր ուղիներ եւ նոր լուծումներ կը դիտարկէ, որ կրնայ ըլլալ որ ընդունելի ըլլայ հակամարտող կողմերուն համար», ըսած է ան։ Նոր ծրագիրը երեք մասէ բաղկացած է, սակայն, ան աւելցուցած է, որ այս պահուն տեղին չէ, որ ինք մանրամասնութիւններ ներկայացնէ, որովհետեւ այդ ուղղութեամբ կողմերը ներկայիս աշխատանք կը տանին։

Հոկլենտ նշած է, որ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը, որոնք պիտի ծրագրեն նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի տեսակցութիւնը։ 

 

Սերժ Սարգսեան – ԵԱՀԿ Մինսքի խումբ հանդիպում

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 27-ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը՝ Ռուսիա, Ռիչըրտ Հոկլենտը՝ ԱՄՆ, Սթեֆան Վիսքոնթին՝ Ֆրանսա եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։

Անոնք քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձած սահմանին տիրող իրավիճակին։

Համանախագահները տեղեկացուցած են Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն մասին, ուր վերահաստատած են Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները կեանքի բերելու անհրաժեշտութիւնը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ