Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ատամ Շիֆ. «Ամերիկան պէտք է բարձրացնէ իր ձայնը եւ յստակօրէն խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»

Քոնկրէսմէն Ատամ Շիֆ յատուկ յայտարարութեամբ կոչ ուղղած է իր գործընկերներուն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ կողմ քուէարկելով օրէնքի նախագիծին։

Յայտարարութեան մէջ ան կ՚ըսէ. «Աւելի քան մէկ դար առաջ մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուած էին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին։ Ամերիկան պէտք է բարձրացնէ իր ձայնը եւ յստակօրէն խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերուն մասին եւ դատապարտէ մարդկութեան դէմ բոլոր ոճրագործութիւնները, եթէ մենք կը ցանկանք հաւատարիմ մնալ մեր բարոյական եւ պատմական առաքելութեան։

Եւ միացած եմ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Թրոթին եւ Քոնկրէսի Հայկական խումբի միւս գործընկերներուս՝ ներկայացնելով երկու կուսակցութիւններու աջակցութիւնը վայելող օրինագիծ, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ