Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Քանատա – Միացեալ Նահանգներ քարիւղատարի շինարարութիւն

Թրամփի վարչակարգը հաստատած է քանատա-ամերիկեան «Քիսթոուն» XL քարիւղատարի կառուցման նախագիծը, որ երկու տարի առաջ ջնջած էր նախկին նախագահ Օպամա։ Քանատական «Թրանս Քանատա» ընկերութիւնը հնարաւորութիւնը ստացած է քանատական Ալպերթա նահանգի քարիւղը հասցնել մինչեւ  Նեպրասքա։ Սպիտակ Տունը յայտարարեց, որ այս գործարքը կը բխի ԱՄՆ-ի շահերէն։

Պիտի կատարուի 8 միլիառ տոլարի ներդրում ԱՄՆ-ի կողմէ, որուն դիմաց պիտի ստեղծուին նաեւ նոր աշխատատեղեր եւ պիտի ապահովուի ամերիկացիներուն տնտեսական անվտանգութիւնը, կ՚ըսէ ամերիկեան կողմը։

Աւելի քան հազար մղոն երկարութեամբ քարիւղատարը օրական 830,000 տակառ քարիւղ պիտի տեղափոխէ Ալպերթայէն Նեպրասքա, ապա՝ Մեքսիքական ծովածոցի զտարաններ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ