Դաշնակահար եւ ճազ երաժիշտ ամերիկահայ Աւօ Ուվեզեան 91 տարեկան հասակին մահացած է։ Ան AVO մակնիշի սիկառներ ստեղծողն է։ Ծնած էր 1926-ին՝ Լիբանան։ Կը խօսէր տասը լեզուներ։ Որպէս երաժիշտ աշխարհ շրջած մարդ էր ան. նուագած է Իրանի շահին համար։
Նիւ Եորքի մէջ ծանօթանալով Ֆրէնք Սինաթրային, անոր համար գրած է յայտնի “Strangers in the night” երգը։
Աւօ նախ իր ընկերներուն համար սիկառներ կը պատրաստէ, ապա 1988-ին կը ղրկէ աշխարհահռչակ Տաւիտոֆ ընկերութեան, գործարքը կը սկսի, իսկ 1995-ին նոյն ընկերութիւնը տասը միլիոն տոլարով կը գնէ AVO սիկառներու մակնիշի իրաւունքները։