Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՌՈՒՍԻԱ.-Կիրակի օր Մոսկուայի մէջ կահակառավարական երթի մը ընթացքին ձերբակալուած է ռուս յայտնի ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնին։ Երկրին փտածութեան դէմ  պայքարի երթեր տեղի ունեցան այդ օր Ռուսիոյ մէջ, որոնց թիրախը վարչապետ Մետվետեւն էր։

ՖՐԱՆՍԱ.- Վերջին հարցումներուն համաձայն, հաւանական է, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջին իսկ փուլին ընտրուի նոր նախագահ։ Անկախ կեդրոնամէտ քաղաքական գործիչ Իմանուէլ Մաքրոն ներկայիս կ՚ենթադրուի որ ունի ընտրողներուն ձայներուն 26 տոկոսը։ Իսկ ծայրայեղ ազգայնական Մարին լը Փէն ունի 25 տոկոս։

ԹՈՒՐՔԻԱ.- Նախագահ Էրտողան մտադիր է Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը հանրաքուէի դնել։ Նոյեմբեր 2016-էն իվեր սառած են բանակցութիւնները Եւրոմիութեան հետ Յուլիսի անյաջող յեղաշրջումին Անքարայի «անհամաչափ» արձագանգին պատճառով։

ԱՄՆ.- Փենթակոնը կը յայտնէ «Ալ Քայիտայի» առաջնորդներէն Քարի Եասինի մահուան մասին, որ սպաննուած է Աֆղանիստանի Փաքթիթա նահանգին մէջ։ Ան սպաննուած է օդային յարձակումէ՝ Մարտ 19-ին։ Եասին ծագումով փաքիստանցի էր։

ԵԳԻՊՏՈՍ.- Վեց տարի բանտին մէջ մնալէ ետք, ազատ արձակուեցաւ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքը, որ ձերբակալուած էր 2011-ին, արաբական գարնան հետեւանքով երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին որպէս արդիւնք։

ԼԱԹՎԻԱ.- Թէեւ վերջին տարիներուն Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը հիմնուած է ռազմական ներուժի, հռետորականութեան եւ Խորհրդային անցեալին վրայ, պալթեան երկիրներու մէջ ռուսական ազգային համայնքները հեռու են ճնշումներէ։ Օրինակ, Լաթվիոյ ռուսերը այսօր իրենց ապագան կը նախընտրեն կապել Եւրոմիութեան հետ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ.- Պերլինի Պոտէի թանգարանի դրամային գրասենեակէն կողոպտուած է աշխարհի ամենամեծ մետաղադրամներէն մէկը, որ կը կշռէ 100 քիլոկրամ (220 փաունտ) եւ հատուած է Քանատայի մէջ։

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ.- Երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթած է եւրոպամէտ իշխող «Կերպ» կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարն է Պուլկարիոյ նախկին վարչապետ Պոյքօ Պորիսովը։ Անոնք ստացած են ձայներուն 32 տոկոսը։ Իսկ ռուսամէտ ընկերվարական կուսակցութիւնը շահած է քուէներուն 28 տոկոսը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ