Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրախօսական. The Bilderberg Group DANIEL ESTULIN

Թարգմանութիւն

Հեղինակ Daniel Estulin ծնած է 29 Օգոստոս 1966-ին, Վիլնիուսի (Լիթուանիա) մէջ։ Հետեւած է առեւտրական, տնտեսագիտական ու լրագրական դասընթացքներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու զինուորական սեմինարներու` այլազան երկիրներու մէջ։

Որպէս հեղինակ իր հետաքրքրութիւնները կը կեդրոնանան Եւրոպայի ու Մ. Նահանգներու elite այն անձերուն (երկսեռ) վրայ, որոնց գլխաւոր նպատակակէտն է հակակշռել երկրագունդի բնական հարստութիւնները եւ արտադրութիւնները։

Անիկա գործակցած է ամերիկացի լրագրող հանգ. Ճէյմս («Մեծ Ճիմ») Թաքըրի հետ, որ նոյնանման հետաքրքրութիւններ ունէր։

«Աշխարհի Կառավարութիւնը»  (World Order) նիւթը շօշափած է նաեւ Լինտըն Լառուշ, եւ Օգոստոս 2010-ին, իր լոյս ընծայած «Reflection» հատորին մէջ, անդրադարձած է Քուպայի պետական լուրերու գործակալութեան կողմէ հաղորդուած Ֆիտէլ Քասթրոյի «Pensa Latina» խորհրդածութեանց շարքին։

«Պիլտըրպըրկի Խումբ»ին պատմութիւնը գրուած է 2007-ին։ Բովանդակութիւնը վերանայուած է Իսթուլինի կողմէ 2009-ին, իսկ աւելի ընդարձակուած է նորագոյն տուեալներով յաջորդ տարիներուն։

 

Ծանօթ Խմբ.

 

Պիլտըրպըրկ Խումբը յանկարծ մէջտեղ չեկաւ։ Անձնաւորութիւնները, գաղափարը, մթնոլորտը, կարգ մը կառոյցներ գետինը պատրաստեցին այս խմբաւորումի շարժումին։ Ամէնէն հիմնարար դերը խաղաց The Council of Foreign Relations-ը։

Համախոհներ՝ նախագահ Woodrow Wilson & Edward M. House հիմնեցին վերոյիշեալ Խորհուրդը 1921-ին, Փարիզի Մաժեսթիք պանդոկին մէջ։ Ռաքըֆելլըր ու Քառնեկի Հիմնարկը հոգացին ֆինանսաւորումը։ Նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվելթի քաջալերութեամբ, պետական վարչամեքենային մաս կազմեցին վերոյիշեալ խորհուրդի շատ մը անդամներ։ 2006-ին անոնց թիւը բարձրացած էր 40,000-ի, կեդրոնատեղի ունենալով Նիւ Եորքի Harold Pratt House։

Անոնք կը հաւատային թէ տեմոքրաթ պետութիւնը այլեւս հնացած էր, անոր սահմանադրութիւնը ժամանակավրէպ նկատուած ըլլալով։ Հարկ էր կազմել Տնտեսական Համաշխարհային Միութիւն մը, բաղկացեալ Հիւսիսային Ամերիկայէ, Արեւմտեան Եւրոպայէ ու Խաղաղական Ասիայէն։ CFR-ի Ամերիկայի անդամները, Քանատա եւ Արեւմտեան Եւրոպա պիտի ուղղուէին, եւ անկէ՝ դէպի Աշխարհի Կառավարութեան մը կազմութեան։

 

Պիլտըրպըրկ համախմբումը

1954, Մայիս 29-31, նախագահութեամբ Հոլանտայի Պէաթրիքս թագուհիին եւ իշխան Պերնհարտի, ատենադպրութեամբ J.H. Rettinger-ի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ աշխարհի ազդեցիկ 71 անձնաւորութիւններու, խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հոլանտայի Oosterberk փոքր քաղաքի de Bilderberg պանդոկին մէջ։ Այս անունով ալ այնուհետեւ անոնք կոչուեցան The Bilderberg Group։

Անկէ իվեր, յիշեալ խումբին անդամները, թիւով մինչեւ 130 հոգի, 2/3-ը Եւրոպայէն, մնացեալը՝ Ամերիկայէն ու Քանատայէն, տարին անգամ մը կը հաւաքուին այլազան երկիրներու գեղաշուք պանդոկի կամ հանգստավայրի մը մէջ, ունենալու գաղափարի փոխանակումներ, վերլուծելու համար միջազգային հարցեր, իրենց դաւանած սկզբունքներու հիման վրայ, նոր աշխարհավարութիւն մը ստեղծելու համար, ձգտելով տնօրինելու աշխարհի մարդկութեան ճակատագիրը։

Անդրանիկ այդ նիստին ներկայ էին նաեւ Սպանիոյ թագաւորն ու թագուհին՝ Խուան Քարլոս ու Սոֆիա, Շուէտի թագաւոր Քարլ Կիւսթաւ, ինչպէս նաեւ Նորվեկիոյ, Պելճիքայի, Էտինպըրկի, Ուէյլզի ու Լիխթընշթայնի իշխանները։

Առաջին այս հանդիպումին, եւ անոր յաջորդող տարիներու խորհրդակցութեանց, մասնակցած են Մ. Նահանգներէն՝ Տէյվիտ Ռոքըֆելլըր, Փոլ Վուլֆովից, Հերըլտ Ֆորտ, Ռիչըրտ Ֆոլպրուք, Քոլա Փարք, Անգլիայէն՝ Ռալֆ Էլթըն ու Ճոն Ֆոսթըր, Ֆրանսայէն՝ Կի Մոլէ, Անտրէ Ռոպէր, Իտալիայէն՝ Ֆրանքօ Պերնապէ, Փորթուգալէն՝ Ֆրանսիսքօ Պալսըմաօ, Քանատայէն՝ Իոն Պրոտի, Փոլ Տեմարէ, Գերմանիայէն՝ Մարթին Ֆելտսթին ու Կերհարտ Կէյն, Իտալիայէն՝ Ալպերթօ Փիրելլի ու Վիթորիօ Վալեթա, Դանիայէն՝ Ole Bjorn Kraft, Պելճիքայէն՝ Ռոճըր Մոց, Յունաստանէն՝ Քանելլոփուլոս, եւլն.։

Պիլտըրպըրկի ականաւոր անդամներէն յիշատակենք նաեւ անունները Նելսըն, Լորընս, Ճէյմս, Տէյվիս ու Ճոն Ռոքըֆելլըրներու, Օթթօ Վուլֆ Վոն Ամերոնկէնի, Էլըն Տալըսի, Լորտ Ռոսչայլտի, Ճիովաննի Էնելիի, Ռապըրթ Մըքնամարայի , Ուիլլիըմ Պանտիի, Հենրի Ֆորտ Գ.ի, Զպիկնիեւ Պրզեզինսքիի, Ալեքսանտր Հէյկի, Թոնի Պլէրի, Պիլ Քլինթընի, եւլն.։

Պիլտըրպըրկի ժողովին մասնակցող անգլիացի եւ ամերիկացի պետական դէմքերը կը խախտէին իրենց երկիրներու երկու հիմնական օրէնքները՝ The Chatham House Rule ու 1799-ի Logan Act-ը։ Առաջինի պարագային՝ ապօրէն էր ընտրուած անգլիացի պաշտօնատարներու առանձին հանդիպում ունենալ ազդեցիկ գործատէրերու կամ անոնց գործադիր տնօրէններուն հետ, խորհրդակցելու եւ ծրագրելու համար հանրային քաղաքականութիւն։ Իսկ երկրորդ պարագային, յատուկ իրաւասութիւն չունեցող ամերիկահպատակներու արգիլուած էր միջամուխ ըլլալ օտար երկիրներու հետ Մ. Նահանգներու փոխյարաբերութեանց։

Թէոտոր Ռուզվելթի մեծ թոռնիկը՝ Էտիթ Քըրմիթ Ռուզվելթ, այս համախմբումը կոչեց «օրինաւոր մաֆիա», իսկ Ճորճ Ուալլաս, 1960-70-ականներու տեմոքրաթ թեկնածուն, հետեւեալ ձեւով արտայայտուեցաւ. «dime-ի մը չափ տարբերութիւն չկայ տեմոքրաթներու եւ հանրապետականներու միջեւ»։ Կերի Էլըն, իր կարգին, ըսած է, «Rockefeller File»-ին մէջ. «Երկու կուսակցութիւնները հետզհետէ իրարու կը նմանին»։ Այլ խօսքով, նպատակն է «Ամերիկեան ազգայնականութիւնը ջնջել, որպէսզի ուրիշներ եւս միանան մեզի»։

Լրատուական մեծագոյն հաստատութիւնները ծառայութեանը մէջ էին Պիլտըրպըրկի Խումբին։ Օրինակի համար Richard Salant, այսպէս կ՚արտայայտուէր. «Մեր գործը ժողովուրդին տալ է, ոչ թէ ա՛յն ինչ որ կ՚ուզեն կամ կ՚ակնկալեն, այլ՝ փոխանցել ա՛յն ինչ որ իրենք պարտաւորուած են ունենալ»։

Իրաքեան պատերազմի նախօրեակին, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի, «Նիւզուիք»ի, «Թայմ»ի, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի, «Տը Էքոնոմիսթ»ի արտօնատէրերը ներկայ էին Պիլտըրպըրկի 2002-ի (Մայիս 30 – Յունիս 2) խորհրդաժողովին, ու գիտէին, թէ երբ Իրաքը պիտի նուաճուէր։ Արդարեւ, այդ տարուան Յունիսին, նկատի առնուած յարձակումը յետաձգուած էր 2003-ի Մարտ ամսուան։ Վերոյիշեալ բոլոր թերթերն ալ ոչ մէկ հաղորդագրութիւն կատարեցին. անոնք բոլորն ալ թերացան իրենց նուազագոյն պարտականութեանց մէջ։

Պիլտըրպըրկի խմբաւորումին մաս կը կազմէին նաեւ աշխարհի ամէնէն աչքառու corporation-ներու եւ դրամատուներու տնօրէնները – Տեմլըր Քրայզլըրի, Քոքա-Քոլայի, Չէյս Մենհեթըն-ի, Ամերիքըն Էքսփրէսի, Կոլտըն Սայքսի, Մայքրոսոֆթի, եւլն. Ամերիկայի փոխ-նախագահներ, CIA-ի եւ FBI-ի վարիչ-տնօրէններ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը, Եւրոպական երկիրներու վարչապետներ, միջազգային դրամատանց տնօրէններ, Federal Reserve-ի տնօրէնը, դիւանակալներ, գեղարուեստի փորձագէտներ, մեծ թերթերու խմբագիրներ, եւլն.։

Հերթական նիստերու պատգամաւորներուն մէկ երրորդը կազմուած կ՚ըլլայ կառավարական շրջանակէ կամ քաղաքագէտներէ, իսկ 2/3-ը՝ ճարտարարուեստի, ֆինանսի, կրթութեան եւ հաղորդակցութեան բնագաւառներու ներկայացուցիչներէ։

Լրագրողները թոյլատրուած չէին մասնակցելու։ Յետ ժողովի, օրակարգը կամ յայտարարութիւններ չէին կատարուեր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ