Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Ապրիլեան դասերը…

Ապրիլ ենք, ապրելո՛ւ ամիս…

Գարուն է. ծլելու, բացուելու եւ կեանք գալու փոխարէն, Ապրիլ ամիսը դար մը ամբողջ դարձաւ սեւ ու գորշ, մահաբեր ու մահասարսուռ, սակայն Հայաստանով ու Սփիւռքով վերափոխեցինք Տասնհինգ թուականը եւ կերտեցինք 1965, ապա՝ 1988 եւ 1991 եւ  այսօրուան մեր վերընձիւղումը ապացոյցն է մեր ժողովուրդին յաւերժականութեան։

***

Ապրիլ ենք, ապրելո՛ւ ամիս…

Տարի մը առաջ, 2016-ի Ապրիլը արթնութեան հրաւիրեց սփիւռքահայերս, թէ Հայաստան հայրենիքն ու Արցախ աշխարհը զգացական բառեր չեն լոկ, այլ՝ իրականութիւն, ուր կայ «կեանք ու կռիւ»։ Արթնութեան հրաւիրեց, թէ 25-ամեայ անկախութիւնը զբօսաշրջիկութեամբ ո՛չ կը սկսի, եւ ո՛չ ալ կը վերջանայ, այլ՝ իրականութիւն մըն է, որ կարիքը ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին գուրգուրանքին, սիրոյն, աջակցութեան։ Արթնութեան հրաւիրեց, թէ հայ զինուորին կողքին ըլլալն ու հայոց սահմանին պահպանութիւնը անհամար ճիգ ու ջանք կը պահանջեն եւ աժան հայրենասիրական զեղումներու եւ «գինի լից»երու չեն դիմանար։

Այո՛, աւելի քան 100 հայ զինուորներու կորուստը, որ արձանագրուեցաւ Ապրիլ 2016-ին Արցախի արեւելեան սահմանի երկայնքին, ցոյց տուաւ հակառակորդին սիրտին ու միտքին մէջ պահ դրուածը՝ ատելութիւնն ու ուժային մեթոտները… սակայն, նոյն ատեն ցոյց տուաւ մեր մարտիկներուն խիզախութիւնը, անանձնականութիւնը, զոհողութիւնը։ Անոնք հերոսաբար կրեցին պատասխանատուութիւն եւ տուին ամէնէն սուղը՝ իրենց կեանքը։

Դասեր քաղեցի՞նք…

Անշուշտ թէ։ Եւ գտանք մեր ուժեղ եւ թոյլ կողմերը, պատրաստուածութիւնն ու թերութիւնները, զինական ժամանակակից յագեցուածութեան անհրաժեշտութիւնը, կազմակերպուածութիւնը։ Անգամ մը եւս համոզուեցանք, թէ սահմանը պահելը որքան թանկ բան է, պաշտպանական ժամանակակից բանակ ունենալը՝ որքան ծանր պարտականութիւն։

Եւ ի՞նչ ըրինք ազգովի՝ անցնող 12 ամիսներուն ընթացքին, որպէսզի չկրկնուի Ապրիլ 2016-ը։

Դո՛ւն, հայորդի, որ կ՚ապրիս Հայաստանով, սակայն Հայաստանէն դուրս, դո՛ւն, որ կը զգաս մէկ մասնիկն ես հայ ժողովուրդին, անձնապէս քանի՞ լումայ կամ որքա՞ն «ճակտի քրտինք թափեցիր» անցնող մէկ տարին, որպէսզի աւելի՛ ամուր տեսնես Թորգոմի Տանդ սահմանները։ Ինչպէս որ կը վարուիս սեփական բնակարանիդ հետ, նոյնն է հայրենիքը. պիտի գուրգուրա՛ս եւ ձեռք մեկնես, պատասխանատուութեան բաժինդ ստանձնես։ Ահաւասիկ դասը Ապրիլեան։

***

Ապրիլ ենք, ապրելո՛ւ ամիս…

Հայաստան քաղաքականօրէն շրջադարձային կարեւոր փոփոխութեան մը եզրին է։ Ապրիլ 2-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններով պիտի սկսի երկրի ղեկավարման նոր վարոյթ մը, խորհրդարանին ու երկրին վարչապետին տալով աւելի լայն լիազօրութիւններ, իսկ միւս կողմէ մարելով նախագահական վարչաձեւը։

Ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան այս Կիրակի օր եւ տրամադրութիւնները հակասական են։ Դասականացած գաղափարախօսութիւններ եւ տարբերութիւններ չկան կարծէք, գրեթէ բոլորն ալ «կը նուագեն» ժողովրդավարութեան լարին վրայ, սակայն, գլխաւոր բացական ընկերային արդարութիւնն է, հաւատքի վերադարձն է, խոստումներէն գործի անցնելու պահն է. բաներ, որոնք կը փնտռէ այսօրուան Հայաստանի քաղաքացին բոլոր ինը կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն մէջ… կատարելու համար իր ընտրութիւնը։

Ապրիլեան այսօրուան երկրորդ դասն ալ Կիրակի օրուան ընտրութիւնները պիտի ըլլան։ Մեր խօսքը ուղղելով հայրենի մեր ժողովուրդին, կ՚ուզենք շեշտել, թէ մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ, որ դուք ձեր ընտրութեամբ կ՚ընտրէք նաեւ ձեր եւ ձեր զաւակներուն ներկան ու ապագան։ Տուէ՛ք ձեր ձայնը պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ կերտենք աւելի՛ ժողովրդավար եւ աւելի՛ կայուն հանրապետութիւն մը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերաճի այնպիսի փարոսի մը, որուն լոյսով լուսաւորուին ու յուսաւորուին աշխարհասփիւռ բոլոր «նաւերն» ու «նաւաստիները»։

***

Ապրիլ ենք, ապրելո՛ւ ամիս…

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ