Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղութային Լուրեր

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

     Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտի Օրէնքներու Յանձնախումբը պատմական քայլ մը առաւ, կազմելով Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման եւ զարգացման յատուկ յանձնախումբը:

    Այս յանձնախումբի կազմութեան մէջ մեծ դեր ունեցան Ծերակոյտի հայասէր անդամները: Յանձնախումբի ատենապետ ընտրուեցաւ հայութեան ջերմ բարեկամներէն՝ ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ:

 

ԴՈԿՏ. ՏԷՐ ՄԱԹՈՍԵԱՆԻ ՀԱՏՈՐԸ

       Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութիւնը (SAS), իր տարեկան «Արտակարգ հատոր»ի մրցանակը շնորհած է Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի «Յեղափոխութեան փշրուած երազներ, ազատութիւն եւ վայրագութիւն Օսմանեան Կայսրութեան վերջին շրջանին» (“Shatered Dreams of Revolution: From Liberty to Violence of Late Ottoman Empire) աշխատութեան:

     Դոկտ. Տէր  Մաթոսեան ծնած է Երուսաղէմ: Դոկտորական կոչումը ստացած է Քոլոմպիա համալսարանէն: Ան դասաւանդած է MIT աշխարհահռչակ համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքին մէջ: Ներկայիս դասախօս է Նեպրասքայի համալսարանի Պատմութեան բաժնին մէջ: SAS-ի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Society for Armenian Studies կայքին: 

 

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՍՏԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ

      Հայոց բանակին օժանդակութեան համար Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւնը 400 հազար տոլար արժողութեամբ բժշկական պիտոյքներ, գործիքներ եւ մահճակալներ ղրկեց Հայաստան: Այս ապրանքներու Հայաստան առաքման ծախսերը հոգաց Տոքթ. Քրիս Թաշճեան:

    Այս պիտոյքները խիստ անհրաժեշտ են մեր բանակի բժշկական կեդրոններուն համար, ըսաւ բանակի, զինուորական հիւանդանոցներու եւ բժշկական կեդրոններու ղեկավար գնդապետ Առաքելեան:

 

Ի ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

   ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտները շատ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են նուագահանդէս մը կազմակերպելու, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուցին Սուրիահայութեան Օգնութեան Հիմնադրամին (SARF): Խումբ մը աշակերտներ “The Banned Club” անունով նուագախումբ մը կազմած էին, որուն մաս կազմած էր նաեւ Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան վարժարանէն աշակերտ մը: Անոնք շատ գեղեցիկ ելոյթով մը խորապէս գոհ ձգեցին ներկաները, արժանանալով հանդիսականներու ջերմ ծափահարութեանց:

 

Ս. ՊԵՏՐՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

     Ուրբաթ, Մարտ 17, երեկոյեան ժամը 6։30-ին Վէն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Գարակէօզեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի աւանդական ընթրիք մը: Ձեռնարկը իր ներկայութեամբ կը պատուէր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան:

    Մեծ ժողովրդականութիւն վայելող այս ընթրիքը անցաւ շէն ու շէնշող մթնոլորտի մը մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:

 

ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆԻ «ՊԱՏԿԵՐ, ՊԱՏՈՒՄ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՀԱՏՈՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

     «Ապրիլ» գրատունը շատ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է «Շնչող Գրքի Ակումբ» անուան տակ գրասէրներու շրջանակ մը կազմակերպել, որուն գործը քննարկել, արժեւորել եւ գնահատել է հրատարակուած գիրքերը:

     Շաբաթ, Մարտ 25-ին, կ. ե. ժամը 4-ին տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ ծանօթ իմաստասէր Մարկ Նշանեանի «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» հատորի քննարկումը: Գիրքը կը ներկայացնէ ֆրանսահայ լուսանկարիչ՝ Քարոլ Ֆիքէթէի նկարներուն, ինչպէս նաեւ քանի մը ֆրանսացի մտաւորականներու փիլիսոփայութեան մասին:

 

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԱՊՐԻԼ 2-Ի ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

       Կիրակի, Ապրիլ 2, 2017-ին առաջին տարելիցն է Արցախի վրայ ատրպէյճանական լայնածիր եւ վայրագ յարձակումին: Այդ օրերուն հայոց բանակի քաջարի զինուորներ, պաշտպանելով մեր սահմանները եւ թշնամիին ալ մեծ վնասներ հասցնելով հանդերձ, տուինք մեծ թիւով զոհեր:

    Վստահ ենք, որ այս Կիրակի մեր ժողովուրդը խուռներամ հայկական եկեղեցիներ երթալով, իր յարգանքի տուրքը պիտի տայ մեր նահատակ երիտասարդ զինուորներուն:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ