Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Զօրակցական հաւաք ի նպաստ Վրէժ Աղաճանեանին

Չորեքշաբթի 22 Մարտի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Impression» գեղատեսիլ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուներէն Վրէժ Աղաճանեանի զօրակցական հաւաքը։

100-ի հասնող բարեկամներ եւ ընտանեկան հարազատներ եկած էին իրենց սէրն ու յարգանքը յայտնելու Աղաճանեանին։ Անոնք զօրակցական ու քաջալերական խօսքերով իրենց նեցուկը ցոյց տուին յարգարժան թեկնածուին։

Յայտագրի աւարտին, ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի անունով խօսք առաւ ընկեր Արա Ահարոնեան, դրուատելով քաղաքապետական խորհուրդի համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած Վրէժ Աղաճանեանին, յայտնելով նաեւ անվերապահ աջակցութիւնը ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին, յառաջիկայ Ապրիլ 4-ին կայանալիք  ընտրութիւններուն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ