Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի երախտաւորները. Ամերիկահայ յայտնի ազգային՝ Կարապետ (Չարլի) Սիւլահեան 1903 Այնթապ – 1976 Պոսթոն

Երախտաւոր Կարապետ Սիւլահեան ծնած է Այնթապ, Դեկտեմբեր 1903-ին, Հրանդ եւ Լեւոնդին Սիւլահեաններու բարեհամբաւ յարկին տակ։

Կարապետ երկրորդ մանչ զաւակն էր Սիւլահեաններուն, ունէր Գէորգ եւ Բիւզանդ երկու եղբայրներ ու քոյր մը Մարի անունով։

Հայրը՝ Հրանդ, Այնթապի մէջ ծանօթ էր որպէս հնչակեան պատասխանատու առաջնորդ, որ աչքի զարկած էր իր գործունէութեամբ, մանաւանդ 1890-ականներու համիտեան ջարդերու ընթացքին։

Կարապետ փոքր տարիքէն կը յաճախէ տեղւոյն Վարդանեան ազգային վարժարանը, ուր ուսանած էր իր հայրը՝ Հրանդ, որ եղած էր վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն։

Հազիւ 12 տարեկան, վրայ կը հասնի Մեծ Եղեռնը ու ընտանեօք կը տարագրուի Հալէպ։ Մատնութեան նենգութեամբ մը, հայրը՝ Հրանդ պիտի բանտարկուէր ու կարճ ժամանակ ետք հրաշքով ազատէր բանտէն։

Հալէպի մէջ Կարապետ արկածի մը հետեւանքով կը կորսնցնէ իր կրտսեր եղբայրը՝ Բիւզանդը ու 1920-ին եղբօրը Գէորգի հետ կու գայ Ամերիկա (Պոսթոն), հետեւելու ատամնաբուժութեան, սակայն կը դառնայ ճարտարարուեստական խորհրդատու. իսկ Գէորգ կը դառնայ մասնագէտ տոմարակալութեան ու հաշուապահութեան մէջ։

Պոսթոնի մէջ Կարապետ կը բնակէր, ատենոյ «Ազգ» թերթի (ապագային «Պայքար» օրաթերթ) խմբագիր Ս. Նազարին քով, որ եղած էր իր հօրը դասընկերը ու հեռաւոր հարազատը Այնթապի մէջ։ Իսկ Բաբգէն Արք. Կիւլէսէրեան (յետագային աթոռակից կաթողիկոս) որպէս բոլորին ծանօթ այնթապցի, իր հայրական խնամքին առարկան դարձուցած էր Սիւլահեան եղբայրները։

Կարապետը կ՚որոշէ հետեւիլ գիշերային դասընթացքներու ու իր հմտութեամբ կը ծանօթանայ ամերիկեան բարգաւաճ ճարտարարուեստին, ու յետագային կը դառնայ յաջողակ խորհրդատու մը։ Պոսթոնի արուարձաններէն հայաշատ Ուոթըրթաուն քաղաքը այդ օրերուն եղած էր տարագիր խարբերդցիներու եւ այնթապցիներու հիւրընկալը իր ազգային հաստատութիւններով։ Կարապետ մուտք կը գործէ շրջանի Սահմանադիր  Ռամկավար Կուսակցութեան շարքերը ու կ՚անդամագրուի տեղւոյն ակումբին։ Իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Բարեգործականի տեղւոյն մասնաճիւղին։ Հայրը՝ Հրանդ տակաւին Այնթապ գտնուած ժամանակ, անդամակցած էր ՀԲԸ Միութեան ու յետագային Հալէպի մէջ դարձած էր «պատուոյ անդամ»։ Երիտասարդական կորովով տոգորուած Կարապետը, կարճ ժամանակի մէջ պիտի ընտելանար ամերիկեան ատենոյ կենցաղին, ու իր ապրուստը հոգալու պարտաւորութենէն բացի, կը նուիրուի մեծն Պոսթոնի շրջակայքը ծաղկող նորահաստատ գաղութի եռուզեռին։ Որպէս երիտասարդ ուժ, ան կը դառնայ իր կուսակցական ակումբի ատենապետը ու այդ միջոցով մասնակցութիւնը կը բերէ մեծն Պոսթոնի հասարակական կեանքին, մինչեւ իր Հալէպ վերադարձը՝ 1929-ին, ուր տակաւին ծնողները կ՚ապրէին, իսկ հայրը արդէն դարձած էր առաջին հայ երեսփոխանը, Ֆրանսայի հովանաւորութեան ներքեւ գործող սուրիական կառավարութեան։

Հալէպի մէջ ան դարձեալ կը լծուի հասարակական գործունէութեան ու մաս կը կազմէ տեղւոյն ՌԱԿ-ի ակումբին, ինչպէս նաեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ տեղւոյն Բարեգործականի ծրագիրներուն։

Սիւլահեան հոգաբարձու կ՚ընտրուի Կիլիկեան վարժարանի ու ապա կը դառնայ նոյն կազմի ատենապետը եւ իր պաշտօնակալութեան շրջանին կը նպաստէ վարժարանի բարելաւման ու վերելքին։

1935-ին կը վերադառնայ Պոսթոն, ճարտարարուեստական նոր ծրագրի մը որոնման համար ու ազգային իր հմտացած փորձառութեամբ կը ստանձնէ ատենապետութիւնը Ուոթըրթաունի Ս. Յակոբ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծիսական խորհուրդին։

Հետզհետէ Սիւլահեան միութենական այլ պարտաւորութեանց պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ, դառնալով ՌԱԿ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանային վարչութեան անդամ ու տարիներ ետք նոյն կազմի ատենապետը։ Իսկ նախաձեռնողը կը հանդիսանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին կազմակերպել Այնթապի Հայրենակցական Միութիւնը իր մասնաճիւղերով, որոնք դադրած էին գործելէ Գերշ. Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի սպանութենէն ետք։

Յետագային Սիւլահեանի ջանքերով Այնթապի Հայրենակցական Միութեան նպատակադրումը կը դառնայ օժանդակել հայրենիքէն ներս գոյութիւն ունեցող Նոր Այնթապ աւանին։

1938-ին Նիւ Եորքի մէջ կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ Էօժէնի Պուչաքճեանը ու անոնք կը բախտաւորուին դուստրով մը Ճոյս անունով, որ յետագային կը պաշտօնավարէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս։

Երախտաւոր Սիւլահեան ճանչցուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի գաղութներուն համար, որպէս նպաստընկալ ծրագիրներու հանգանակիչ ու այդ միտումով ան կրցաւ ամերիկաբնակ այնթապցիներու որպէս ատենապետ հանգանակութիւն կատարել 1946-48 տարիներուն, նպաստելու համար ՀԲԸ Միութեան ներգաղթի հանգանակութեան արշաւին, որ նպատակադրուած էր հասցնել մէկ միլիոն տոլարի։

Ամերիկահայ այնթապցիներու ծրագիրներէն կարեւորագոյնը հանդիսացաւ Նոր Այնթապ աւանի ժանեակի գործարանի մեքենական սարքաւորման նպաստել ու այդ միտումով շուրջ 300,000 տոլար կը հանգանակուի առաւելաբար երախտաւորին ջանքերով։

Սիւլահեանի ազգային-հասարակական գործունէութիւնը, որ ժառանգած էր ան Հրաչ Երուանդէն, Տոքթ. Յովհաննէս Ծովիկեանէն եւ անշուշտ իր կուսակցական կնքահայր՝ Արմենակ Նազարէթեանէն (Ա. Նազար), զինք դարձուցած էին շրջուն կազմակերպիչը միութենական աշխուժութեան։ Յաճախ կը ճամբորդէր Ամերիկայի նորահաստատ գաղութները, որոնելու միաւորներ, որոնք պիտի նպաստէին հայապահպանման ծրագիրներու։

1960-ին դարձեալ կը դառնայ ատենապետը ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ու կը ձեռնարկէ օժտել շրջանակը նոր կեդրոնատեղիով մը, որ պիտի դառնար «Պայքար» օրաթերթի եւ «The Armenian Mirror Spectator» շաբաթաթերթի խմբագրատունը։ «Պայքար»ի ատենոյ խմբագիրն էր Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանը, իսկ «Mirror»ի խմբագիրն էր Պապ-Վահանը։ Երախտաւորը կարճ ժամանակի մէջ կ՚իրականացնէ բացումը նոր կալուածին, որ 1962-էն ասդին կը ծառայէ որպէս համայնքային կեդրոն Mt. Auburn փողոցին վրայ Ուոթըրթաունի մէջ։

Սիւլահեանի նաեւ կը վստահուի կազմել օժանդակ մարմիններ Պոսթոնի, Լոս Անճելըսի եւ Ֆրեզնոյի մէջ, նպաստելու Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի չքաւոր սաներու ֆոնտին։

ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան Սիւլահեանի ատենապետութեան շրջանին, շրջանակը կը դառնայ ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Քանատայի շրջանակ ու երախտաւորը կը ձեռնարկէ հանգանակութեան, Մոնթրէալի մէջ ունենալու Թէքէեան կեդրոն մը եւ յետագային պիտի ծաւալէր միութենական աշխոյժ գործունէութիւն։

Մեծ Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, Սիւլահեան կը դառնայ հիմնադիրներէն Հայ Իրաւանց Խորհուրդին, իրաւաբան Տիգրան Սմսարեանի եւ պատմաբան Տիգրան Պօյաճեանի կողքին։ Իսկ Մանուկ Քանկի հետ հիմը դրաւ Ազգային Հայագիտական Միութեան (NAASR) որու ծրագիրն էր օժանդակել Ամերիկայի մէջ հայագիտական ուսման ու հրատարակչական զարգացման։

1969-ի Հոկտեմբերին, որպէս պատգամաւոր կը ներկայացնէ իր շրջանակը Պէյրութի մէջ գումարուած ՌԱԿ ԺԳ. Պատգամաւորական ժողովին, ուր կը հանդիպի իր գաղափարակից ընկերներուն, որոնք ծանօթ էին արդէն իր ազգաշէն գործունէութեան։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի կոնդակով, այնթապցիները Ամերիկայի տարածքին խրախուսուած էին հանգանակելու քառորդ միլիոն տոլար, Նոր Այնթապ աւանին մէջ կառուցելու հիւսուածեղէնի գործարան մը. դարձեալ Սիւլահեան այս անգամ որպէս պատուակալ նախագահը Այնթապցիներու Հայրենակցական Միութեան պիտի իրականացնէր այդ հանգանակութիւնը, որ պիտի դառնար իր ազգային վերջին իրագործումը ու իրեն պիտի շնորհուէր կաթողիկոսական յատուկ կոնդակ։ Դժբախտաբար իր առողջական վիճակի վատթարացումը արգելք պիտի հանդիսանար ներկայ գտնուիլ 1975 Սեպտեմբերին Նոր Այնթապ գործարանի պաշտօնական բացման։

Շատ չանցած այս անբասիր ու նուիրեալ երախտաւորը իր աչքերը յաւիտեան պիտի փակէր 1976 Փետրուարին Քէմպրիճի մէջ, Պոսթոնի շրջանը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ