Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Լուրեր Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն. ՄՆԱՅՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ԾՈՒԽԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐ

Հոգեկան գոհունակութեամբ կը հաղորդենք Թեմիս հաւատացեալներուն, թէ Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի կազմակերպուած եւ սեփական եկեղեցւոյ եւ համալիրի տէր Ծուխերը ունին իրենց մնայուն Հոգեւոր Հովիւները, որոնք մեծ նուիրումով լծուած են իրենց հոգեւոր, կրթական եւ դաստիարակչական առաքելութեան:

Ուրախ ենք նաեւ յայտարարելու, թէ գլխաւորաբար Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի 2003 թուի Մայիսին Առաջնորդ ընտրութենէն ետք, հաստատեց նորակազմ փոքր Ծուխեր, որոնք կը պատրաստուին ապագային ունենալու իրենց եկեղեցւոյ սեփական կալուածը եւ մնայուն Հոգեւոր Հովիւը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր յատուկ ուշադրութիւնը դարձնելով փոքր Ծուխերուն, նշանակեց հետեւեալ այցելու Հոգեւոր Հովիւները.

 

Տէնվըրի (Քոլորատօ) եւ Ալպըգըրգիի (Նիւ Մեքսիքօ)՝ Արժ. Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեան:

Սոլթ Լէյք Սիթի (Եութա)՝ Արժ. Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեան եւ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Յովակիմեան, Հոգեւոր Մատակարար:

Ռիվըրսայտի (Քալիֆորնիա)՝ Արժ. Տ. Զենոպ Աւագ Քհնյ. Նալպանտեան:

Վենթուրա Գաւառի (Քալիֆորնիա)՝ Արժ. Տ. Արշակ Աւագ Քհնյ. Խաչատուրեան:

Վիքթըրվիլի (Քալիֆորնիա)՝ Արժ. Տ. Ասողիկ Աւագ Քհնյ. Ժամկոչեան:

Պէյքըրզֆիլտ (Քալիֆորնիա)՝ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Մարկոսեան:

Մեքսիքօ Սիթի (Մեքսիքօ)՝ Հոգշ. Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան:

Ալասքա, Հաուայի, Այտահօ՝ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբեղայ Աբգարեան:

Քարմէլ (Քալիֆորնիա)՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Յարութիւնեան:

Սանթա Պարպարա, Սան Լուիս Օպիսպօ (Քալիֆորնիա)՝ Արժ. Տ. Արշակ Աւագ Քհնյ. Խաչատուրեան:

Թուսան (Արիզոնա)՝ Արժ. Տ. Զաքարիա Քհնյ. Սարիբէկեան:

Թըրլաք (Քալիֆորնիա)՝ Արժ. Տ. Եսայի Քհնյ. Պետրոս եւ Արժ. Տ. Եղիա Աւագ Քհնյ. Հայրապետեան:

Քարսըն Սիթի եւ Սաութ Լէյք Թահօ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Աւագ Քհնյ. Մատարեան։

Նորթ Հալիվուտ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան։

 

Նախապէս պատրաստուած ժամանակացոյցի համաձայն վերոյիշեալ հոգեւորականները կ՚ացելեն իրենց վստահուած Ծուխերը, Սուրբ Պատարագ կը մատուցանեն, կը քարոզեն եւ հանդիպում կ՚ունենան հաւատացեալներուն հետ:

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ