Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուր Անկիւն. «Ասպարէզ»ը աղբանոցին մէջ

Տխուր, շա՛տ տխուր է իրականութիւնը մեր ապրած կեանքին։ Հոսանքն ի վեր թիավարելը կը մաշեցնէ մեր սիրտն ու հոգին։

Բարեխնամ Ամենակալին ինչպիսի՜ մէկ դասաւորութեամբ ճիշդ մետասաներորդ այդ վայրկեանին հոն պիտի գտնուէի ես եւ իմ զոյգ աչքերովս տեսնէի գաղութիս հայատառ օրաթերթին հազիւ լոյսին եկած անսպասելի մահը… դրամատան մը աղբամանին մէջ։ Նամակաբաշխին դրամատուն մտնելը չէի նշմարած, երբ ան մօտեցաւ հայաշատ շրջանի մը մէջ գտնուող այդ դրամատան երիտասարդ պաշտօնեային ու յանձնելով օրուան միակ «փոստ»ը՝ «Ասպարէզ» օրաթերթը, ետդարձ կատարեց ու մեկնեցաւ։ Երկվայրկեանի մը մէջ, դրամատան պաշտօնեան առանց աչք մը նետելու թերթին ծալուած առաջին էջին վրայ, շարքի կանգնած յաճախորդներուս ոտքին տակ գտնուող աղբամանը դարձուց գերեզմանը հայ թերթին։

Անիծեցի այդ պահը, թէ ինչո՞ւ ե՛ս հոն պիտի գտնուէի այդ պահուն, կրնայի պահիկ մը ուշանալ չէ՞, կամ՝ հակառակը, եւ չտեսնէի այդ տեսարանը։ Ցաւս խորունկ է, որովհետեւ այդ երիտասարդուհի պաշտօնեան, որ վայրկեան մը առաջ ժպտերես դիմաւորած էր զիս, փորձած օգտակար հանդիսանալ, խնդրած շարքի մէջ սպասել… հա՛յ էր, հա՛յ եւ հայախօս, որ ողջ-ողջ թաղեց հայ գիրը, հայ մալուլը, հայ թերթը, օրաթերթ մը, որ բոլորիս կը պատկանի։

***

Եղբա՛յր, այս ի՜նչ շաբաթավերջ էր։ Երկրորդ ցաւս ընդհանուր է այս անգամ։

Շաբաթ-Կիրակի հայկական ակումբ եւ եկեղեցի կը յաճախեմ եւ ուրախութեամբ ձեռքս կ՚առնեմ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման բացիկներն ու թռուցիկները։ Կարծէք չէր բաւեր հայ երիտասարդուհիին «թերթասպանութիւնը», ականատեսը կ՚ըլլամ մեր հաւաքական «հայերէնասպանութեան»։ Բարեկամ, գրենք ո՛ր ուղղագրութեամբ որ կը փափաքինք, ո՛ր հայերէնով որ կը փափաքինք, սակայն չխառնենք արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը, չխառնենք ուղղագրութիւնները, աւելին՝ տառասխալներ կատարելը անթոյլատրելի է, երբ մանաւանդ հոն եղած-չեղածը երկու նախադասութիւն է…

Ասիկա google-երէն է, հայերէն չէ՛։ Իսկ ցաւալին այն է, որ տակը ԲՈԼՈՐԻՍ անունը կայ։

Այս ի՜նչ ռոլըր-քոսթըրի մէջ կ՚ապրինք քիչ մը ամէն օր…

 

ՆԵՏ ՈՒ ԱՂԵՂ

Լոս Անճելըս, 2 Ապրիլ 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ