Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան. «Հայ Թատրոն» դասարանը գերազանցեց բոլոր սպասելիքները

Լիբանանահայ դերասան-բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիին գրիչին պատկանող «Ո՞վ է փեսացուն» կատակերգութիւնը ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական վարժարանի «Հայ Թատրոն» 2017-ի ընտրովի դասարանի աշակերտները ներկայացուցին իրենց վարժարանի «Պոյաճեան» սրահին մէջ Մարտ 30-ին եւ 31-ին՝ մէկ ցերեկոյթով եւ երկու երեկոյթներով։ Ցերեկոյթին ներկայ գտնուեցան հայկական տարբեր դպրոցներէ աշակերտներ։

Վերջին տասը տարիներուն, առանց ընդմիջման, հայերէնի ուսուցչուհի Օրդ. Լորա Գույումճեանի ղեկավարութեամբ, դպրոցէն ներս կը հնչէ հայերէն խօսքն ու թատրոնը։ Այս անգամ ընտրուած էր կատակերգութիւն մը, որուն ե՛ւ լեզուն մատչելի էր ե՛ւ խաղարկութիւնը՝ բարձր։ Առանց երկմտելու, կարելի է ըսել, որ այս խումբը գերազանցեց բոլոր սպասելիքները դերասաններուն սահուն հայերէնով, վարժ բեմականութեամբ, բնական խաղով եւ երեւի ամենակարեւորը՝ ապրելո՛վ իրենց դերը։

Պատմութիւնը տեղի կ՚ունենայ Լիբանանի մէջ։ Բնակարան մը վաճառելու հարց մը կայ եւ Ամերիկայէն պիտի գան այդ հարցը լուծելու. սակայն պէյրութցի գործակատարներուն գործը այդքան ալ մաքուր եղած չէ մօտիկ անցեալին։ Ուստի, կը կարծէին, թէ Ամերիկայէն եկողը եթէ յաջողէին ամուսնացնել իրենց աղջկան հետ, հարց-մարց պիտի չմնար։ Սակայն, սխալներու կատակերգութիւն մըն է որ ծայր առաւ, խառնելով սիրահար տղան քարտէսի վրայ տուն գնած երիտասարդի մը հետ, սպասաւորը՝ փեսացուին հետ եւ փեսացուն ալ սպասաւորին…։ Վերջապէս, փեսացուն է որ կու գայ եւ բոլոր հարցերը երեւան կը հանէ եւ ուրախ աւարտ մը կ՚ունենայ պատմութիւնը, գոհ պահելով եւ տանտէրն ու տիկինը, եւ անոնց աղջիկն ու սիրահարը, եւ սպասուհի զարմուհին, որ կ՚ամուսնանայ ամերիկացի փեսացուին հետ, գտնելով իր հին օրերու դասընկերը։

Շնորհաւորելով դերակատարները, պարտք կը զգանք առնուազն տալով անոնց անունները. Նէնսի Տաղլեան, Ալիք Թոգադլեան, Արի Էքմէքճեան, Լորենի Եփրեմեան, Աղէկ Աղէկեան, Սերճիօ Ղուկասեան, Քրիստինա Շիրանեան, Սօֆիա Սագայեան, Դաւիթ Քէշիշեան, Ալէքս Աւաննեսեան եւ Առէն Աղամանուկեան։ Օրդ. Լորա Գույումճեան՝ դերուսոյց եւ բեմականացում, Պրն. Մանուկ Սաթամեան՝ բեմայարդար, դիմայարդար եւ բեմականացում, եւ Սելին Հաճճար՝ օգնական։

Կը շնորհաւորենք հայերէնի վեթերան ուսուցչուհի Օրդ. Լորա Գույումճեանը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ 30 տարիներէ իվեր սերունդներ կը դաստիարակէ ու կը պատրաստէ։ Ան կու գայ Լիբանանէն, ուր նոյնպէս դասաւանդած է հայոց լեզու եւ գրականութիւն։ 

Ուրբաթ երեկոյ, բոլոր խօսք առնողները՝ Օրիորդ Լորան, տնօրէնուհի Դոկտ. Արմինէ Մովսիսեանը եւ Միութեան եւ վարժարանին բարերար՝ Տիար Վաչէ Մանուկեան, կարեւորեցին հայ դպրոցին դերը, հայերէնին ու հայախօսութեան կարեւորութիւնը եւ շնորհաւորեցին աշակերտութիւնն ու ծնողները, որոնք կապուած են իրենց արմատներուն՝ այս պարագային հայ դպրոցին։

Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ յուշանուէրով մը պատուեցին Օրդ. Լորան, որ տասնամեակներ շարունակ «երկաթէ շերեփ»ով տէրն ու ծառան եղաւ հայ դպրոցին, ըլլայ Պէյրութի Շամլեան-Թաթիկեան, Հոլիվուտի Արշակ Տիգրանեան թէ Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարաններուն մէջ։

Ապրի՛ք տղաք եւ աղջիկներ, բարի երթ ձեզի։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ