Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Թրամփի մասին կարծիքի փոփոխութի՞ւն

Մեսեչուսէց նահանգը միացած է այն բանաձեւին, որ կոչ կ՚ընէ հետաքննութիւն սկսիլ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի իմփիչմենթ (մեղադրանք) յայտարարել՝ շահերու բախման հիման վրայ։

ABC news կը հաղորդէ, որ այդ բանաձեւին աջակցած են ամերիկեան քանի մը քաղաքներ, որոնց շարքին Ռիչմընտ, Պըրքլի եւ Ալամետա քաղաքները։

Միւս կողմէ, Թրամփի վարկանիշը մրցանշային անկում կրած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին, հասնելով նուազագոյնին՝ 35 առ հարիւրի։

 

Թրամփին անձնական Ֆերարին ծախուեցաւ 270 հազար տոլարի

Ferrari F430 ինքնաշարժը, որ պատկանած է նախագահ Թրամփին աճուրդի մը ընթացքին վաճառուած է 270 հազար տոլարի։ Ինքնաշարժին նոր սեփականատիրոջ անունը չի տրուիր։ Թրամփ 2007-ին գնած էր իր անձնական օգտագործման համար։

Աճուրդին ներկայացուցիչը յայտնած է, որ եթէ այդ ինքնաշարժին նախկին սեփականատէրը յայտնի անձնաւորութիւն մը չըլլար, ինքնաշարժը կրնար ծախուիլ 125-175 հազար տոլարի։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ