Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԱՄՆ.- Ազգային անվտանգութեան գծով ԱՄՆ-ի նախագահի նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլինը եկամուտներու մասին խօսելով հաստատած է, որ Russia Today հեռատեսիլի ընկերութենէն 45 հազար տոլար ստացած է, 2015-ին ռուսական իշխանամէտ այդ ալիքին կազմակերպած համաժողովին իր ելոյթին դիմաց, կը հաղորդէ BBC։

ՍԵՐՊԻԱ.- Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանդր Վուչիչը յաղթեց երկրին նախագահական ընտրութիւններուն, հաւաքելով աւելի քան 55 տոկոսը ձայներուն։ Անոր մրցակիցը՝ ընդդիմադիր թեկնածու Սաշա Եանքովիչը հաւաքեց ձայներուն շուրջ 14 տոկոսը։

ԻՐԱՔ .- Մինչեւ 2017-ի աւարտը Իրաք պիտի սկսի արդիւնահանել օրական հինգ միլիոն տակառ քարիւղ։ Ներկայիս այն կը կազմէ 4,4 տակառ։ Իրաք ՕՓԷՔ-էն ներս քարիւղի երկրորդ արդիւնահանողն է Սէուտական Արաբիայէն ետք։

ՓԱՔԻՍՏԱՆ.- Փենճապ նահանգի տաճարի պահակը, որ ձերբակալուած է 20 ծխականներ սպաննելու պատճառով, յայտնած է, թէ կը վախնար, որ անոնք եկած էին զինք սպաննելու։ Անոր անունն է Ապտուլ Ուահիտ եւ 50 տարեկան է։

ՔՈԼՈՄՊԻԱ.- Եւրոպական Միութիւնը պիտի օգնէ Քոլոմպիոյ, որ մեծ վնասներ կրած է ջրհեղեղէ։ Երկրին հարաւ-արեւմուտքը 283 հոգի զոհուած է, իսկ աւելի քան 400-ը՝ անհետ կորսուած է։ 40 հազար մարդ մնացած է առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան։ Մոքոայի մէջ քանդուած են տասնեակ տուներ եւ կամուրջներ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ.- 262 թուրք դիւանագէտներ եւ զինուորականներ ապաստան խնդրելու հարցով դիմած են Գերմանիոյ կառավարութեան։ Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին այդ թիւը կրկնապատկուած է։ Յիշեցնենք, որ 2016-ի Յուլիսի յեղաշրջման փորձէն իվեր ներքին լարուածութիւնը աւելի շեշտակի դարձած է Թուրքիոյ մէջ։

ԵԳԻՊՏՈՍ.- Գահիրէի դատարանը օրինաւոր համարած է Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պայմանագիրը, որուն համաձայն վերջինիս պիտի տրուին Կարմիր ծովուն մէջ գտնուող երկու կղզիները՝ Շարմ էլ Շէյխէն ոչ հեռու գտնուող Թիրանը եւ Սանաֆիրը։ Կղզիները փոխանցելու հարցը եօթը տարեկան է արդէն, երբ այդ օրերուն Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը այցելած էր Եգիպտոս եւ գծուած երկու երկիրներու միջեւ ծովային սահմանը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ