Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի բոլոր թեկնածուները յաղթական՝ Կլենտէյլի ընտրութիւններուն

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4-ին տեղի ունեցան Կլենտէյլ քաղաքի Քաղաքային Խորհուրդի եւ կրթական մարզի ընտրութիւնները, ուր ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի բոլոր ութ թեկնածուներն ալ դուրս եկան յաղթական։

Քաղաքային Խորհուրդի անդամ վերընտրուեցան       Արա Նաճարեան     եւ Զարեհ Սինանեան, ընտրուեցաւ նաեւ Վրէժ Աղաճանեան եւ երեքն ալ ձայներու զգալի առաւելութիւն մը ունենալով իրենց միւս եօթը թեկնածուներուն վրայ, որոնց շարքին մեր հայրենակից Օննիկ Մեհրաբեանի։

Արտաշէս Քասախեան վերընտրուեցաւ Կլենէյլ քաղաքի քարտուղարի պաշտօնին, իսկ նախկին քաղաքապետ Ռաֆֆի Մանուկեան ընտրուեցաւ Կլենտէյլի գանձապահ։

Կլենտէյլի միացեալ ուսումնական խորհուրդի անդամ ընտրուեցան եւ վերընտրուեցան Կրէկ Գրիգորեան, Արմինէ Կարապետեան, Արմինէ Յակոբեան, Շանթ Սահակեան, ինչպէս նաեւ Անն Ռանսֆորտ եւ Իվէթ Վարդանեան Տէյվիս։

Կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցները, մաղթելով յարատեւ վերելք, պաշտպանելու Կլենտէյլ քաղաքին շահերը։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ