Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութիւն. Մեծարանքի ձեռնարկ ի պատիւ բազմավաստակ կրթական մշակ Մարիէթա Անասեանի

Մարիէթային երբ լսում եմ, ինձ թւում է, թէ ես եմ երգում։

Լուսինէ Զաքարեան

 

 

 

Շաբաթ, 6 Մայիս 2017, առաւօտեան ժամը 11-էն կ. ե. ժամը 3, Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան անվճար վարժարանի մայր սրահին մէջ (214 W. Fairview Ave., Glendale, CA 91202) տեղի պիտի ունենայ հայ մայրերուն նուիրուած ցերեկային ճաշկերոյթ-խրախճանքը:

Այս ճաշկերոյթի մուտքի նուէրն է, լման ճաշով, 20 տոլար մեծերուն, իսկ փոքրիկներուն՝ 12 տարեկանէն վար 10 տոլար:

Այդ օր ելոյթ պիտի ունենան վարժարանի փոքրիկներ: Պատրաստուած է կոկիկ յայտագիր մը, նուիրուած հայ մայրերուն, որմէ ետք կազմակերպիչ վարչութիւնը պիտի գնահատէ վարժարանի 28 տարիներու կամաւոր եւ նուիրեալ ուսուցչուհիներէն, շնորհահաշատ արուեստագիտուհի, երգի մեծ վարպետ, դաշնամուրի, ձեռնադաշնակի (աքորտէոն) եւ այլ գործիքներու հմուտ կատարող՝ Տիկին Մարիէթա Անասեանը:

Ցերեկոյթը պիտի խանդավառէ «D.J. Մահիկ»։

Տոմսերու համար հեռաձայնել դպրոցի տնօրէնութեան կամ միութեան վարչականներուն հետեւեալ թիւերուն. (562) 715-8730, (818) 281-1218, (818) 240-1251, (818) 502-1207:

 

***

Մեծարեալը՝ Տիկ. Մարիէթա Անասեան ծնած է Երեւան: Փոքր տարիքէն մինչեւ հիմա նուիրուած է հայ երգին երաժշտութեան եւ արուեստին, միշտ պատրաստակամ ծառայելու հայ ժողովուրդին երգով ու երաժշտութեամբ: Յաճախած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի եւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցները եւ աւարտած է զանոնք գերազանց վկայականով, մասնագիտանալով՝ երգի եւ խմբավարութեան ճիւղերուն մէջ: Նոյն տարին կ՚ամուսնանայ հայ երգի, երաժշտութեան ու գրականութեան մեծանուն վարպետ՝ Հենրիկ Անասեանի հետ: Կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով՝ Արմէն եւ Արամ, երկուքն ալ իրենց ծնողքին նման ամբողջութեամբ նուիրուած են երգի եւ երաժշտութեան, լուսաշող աստղեր դառնալով այս բնագաւառին մէջ:

Տիկ. Մարիէթա Անասեան 20 տարի անդադար երգած է Ս. Էջմիածնի երգչախումբին մէջ՝ Լուսինէ Զաքարեանի նման անուանի երգիչներու հետ. միաժամանակ ան կը պաշտօնավարէր Բակունցի անուան դպրոցին մէջ, հոն 12 տարի դասաւանդելով երգ եւ երաժշտութիւն:

1978-ին ընտանեօք Լոս Անճելըս կը հաստատուի, կը պաշտօնավարէ նախ մէկ տարի Ֆերահեան վարժարանին մէջ, ապա՝ Հոլիվուտ եւ Լա Քրեսանթա քաղաքներուն մէջ գործող Մխիթարեան Հայրերու վարժարանին մէջ, արժանանալով դպրոցի եւ կառավարական պաշտօնեաներու գնահատագրերուն:

Տիկին Մարիէթա Անասեանի մեծագոյն ներդրումը եղաւ մեր գաղութէն ներս, իր ամուսինին եւ գաղութիս պարծանքը հանդիսացող «Սիփան» երգչախումբի մենակատար երգչուհին եւ վարչական գործերու աննման կազմակերպիչը ըլլալով:

Մարիէթա Անասեան իր հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, շէն ու շէնշող խառնուածքով, իր առինքնող անհատականութեամբ ելոյթներ ունեցած Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Պոստոնի, Շիքակոյի եւ Աւստրիալիայի մէջ, եւ անշուշտ Հայաստանի երիտասարդական ճամբարներու եւ ծանօթ սրահներու մէջ: Ան «Սիփան» երգչախումբին հետ միասին չորս անգամ Հայաստան մեկնած է եւ իրենց ելոյթներով հմայած են Հայաստանի խստապահանջ արուեստասէր հասարակութիւնը: Իսկ Լոս Անճելըսի մէջ, ուր որ կարիքը եղած է, յատկապէս եկեղեցիներու մէջ, ան սկաուտի պէս պատրաստ եկեղեցի գացած է եւ երգով իր նպաստը բերած է արարողութեանց:

Ան ոչ միայն իր թանկագին ամուսինին աջ եւ ձախ բազուկն է, այլ «Սիփան» երգչախումբի բոլոր անդամներուն սիրելի Մարիէթան է, որուն հանդէպ երգչախումբին բոլոր անդամները անսպառ եւ անսահման սէր եւ յարգանք ունին:

1989-ին ընդառաջելով մեր հրաւէրին, Տիկին Մարիէթա Անասեան միացաւ Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան շաբաթօրեայ վարժարանին, իր կամաւոր նպաստը բերելով ազգապահպանման եւ ազգաշինութեան մեր սուրբ գործին:

28 տարի մեր յարգելի մեծարեալը բազմահարիւր փոքրիկներու հայ երգ ու երաժշտութիւն սորվեցուցած է կամաւորաբար: Երգի պահը, ոչ միայն աշակերտութեան, այլ վարժարանի, վարչականներու եւ Ծնողա-ուսուցչական մարմնի ամէնէն սպասուած կէս ժամն է, ուր բոլորը կը հաւաքուին աշակերտութեան հետ, Տիկին Մարիէթա Անասեանին հետ երգելու համար:

Մեր դպրոցի դրամահաւաքի ձեռնարկներուն ան հոն է եւ իր ելոյթներով եւ խմբերգներով կը ճոխացնէ մեր ձեռնարկները:

Սփիւռքի հայ ուսուցիչը հայ մտաւորականին չափ թանկագին եւ անփոխարինելի է: Արուեստագէտ ըլլալը շատ մեծ արժանիք մըն է, բայց հայ դպրոցի երգի ուսուցիչ ըլլալը կրկնակի պատիւ եւ արժանիք մըն է, իսկ հայ մայր եւ ուսուցիչ ըլլալը առաքինութեանց մեծագոյնն է:

Սրտանց կը շնորհաւորենք տիպար մայր, հայ արուեստագիտուհի եւ մեր երգի թանկագին ուսուցչուհին՝ Տիկին Մարիէթա Անասեանը: Կը խոնարհինք Ձեր երկար տարիներու բազմաբեղուն վաստակին առաջ, Ձեզի ըսելով՝

Շնորհակալութիւն 28 տարիներու Ձեր կամաւոր ծառայութեանց համար Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան վարժարանէն ներս: Ձեր վարձքը հազար կատար ըլլայ, մշակ բարի եւ պատուարժան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ