Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապրիլը՝ հայոց պատմութեան ամիս. Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան պարգեւատրուեցաւ

Ապրիլ 4-ի առաւօտեան մեր սիրտերը լեցուեցան ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ, երբ ներկայ գտնուեցանք Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու ընդհանուր ժողովին Քէնէթ Հան համալիրի սրահին մէջ: Ժամը 10:45-ին բեմ հրաւիրուեցաւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան ստանալու համար գաւառին կողմէ գովեստի յատուկ գնահատագիր մը, տրուած վերահսկիչ Տիկ. Քաթրին Պարկըրի կողմէ, որ կը պարունակէ ստորագրութիւնները բոլոր հինգ վերահսկիչներուն: Տիկին Պարկըր նաեւ հռչակեց Ապրիլը, որպէս հայոց պատմութեան նուիրուած ամիս:

Տիկ. Պարկըր նախ նշեց, կարճ կերպով, Դոկտ. Կարպիսին անցած ուղին, ապա անդրադարձաւ անոր կատարած ազգային, կրթական, մասնագիտական, հանրային, նահանգային եւ միջազգային բեղուն գործունէութեան, որպէս անհատ քաղաքացի իր պարտականութիւններուն գիտակից անձ, քառասուն երկար տարիներու վրայ երկարող: Ապա, յանձնեց պատուոգիրը, որ մեծ պատիւ է եւ պարտաւորեցնող:

Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Դոկտ. Տէր Եղիայեան։ Ան իր կուռ ճառին մէջ այս գնահատագիրը նուիրեց մեր երկու միլիոն նահատակներու յիշատակին, մատնանշելով թուրք կառավարութեան անմարդկային ցեղասպանական արարքը հանդէպ հայ ժողովուրդին, նոյնիսկ իրենց հողերուն վրայ:

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան հիմնադիր նախագահն է Մաշտոց Քոլէճի: Այս տարի պիտի նշուի քոլէճին 25-ամեակը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ծաւալած համալսարանական գործունէութեան 40-ամեակը:

Ան երկար տարիներ եղած է տարբեր միութիւններու ատենապետ նաեւ տարբեր բարեսիրական միութիւններու խորհուրդի անդամ:

Տէր Եղիայեան Ռոթըրի միջազգային կազմակերպութեան վարչական խորհուրդի գանձապահն է: Իր անունով կը կոչուի Ռոթըրիի միջազգային կազմակերպութեան խաղաղութեան նուիրուած հիմնարկը:

Դոկտ. Կարպիս վերջին քանի մը տասնամեակներուն հրաւիրուած է հայկական եւ օտար տարբեր գաղութներ որտեղ ելոյթ ունեցած է զանազան նիւթերով՝ կրօնական, ազգային, կրթական, համայնքային եւ այլն:

Դոկտ. Տէր Եղիայեան յարգուած եւ փնտռուած անձնաւորութիւն է Լոս Անճելըսի բոլոր պետական մարմիններուն կողմէ: Ան գործունեայ մասնակցութիւն ունի Լոս Անճելըս գաւառի ծրագիրներու իրագործման, մասնաւորաբար նաեւ գաւառի բանտերու հոգաբարձական խորհուրդի անդամ է եւ օտար տարբեր մարմիններու պատուոյ անդամ:

Մեծապէս կը շնորհաւորենք Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը իր գործունէութեան 40-ամեակին առիթով: Կը մաղթենք քաջառողջութիւն, յարատեւութիւն, համբերութիւն եւ անսպառ եռանդ շարունակելու համար իր ազգանուէր բեղուն գործունէութիւնը:

Յ.Ն. 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ