Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԵԳԻՊՏՈՍ. Երկու պայթիւններ ղպտի եկեղեցիներու մէջ պատճառ հանդիսացան աւելի քան չորս տասնեակ զոհերու։ Դէպքերը պատահեցան Կիրակի՝ Ծաղկազարդի օրը եւ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց «Իսլամական պետութիւնը»։ ՀՀ նախագահը ցաւակցած է Եգիպտոսի իր պաշտօնակիցին Սուրբ Կիրկիս (Գէորգ) եւ Սուրբ Մարկոս եկեղեցիներու զոյգ պայթիւններուն առիթով։ Նման ցաւակցագիր յղած է նաեւ Գարեգին Բ.՝ ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին։

ՊԵԼՈՌՈՒՍ. Նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ նախկին խորհրդային պետութիւնները պէտք է յաւելեալ աշխուժութիւն ցոյց տան յետխորհրդային տարածքներու հակամարտութիւններու գծով, որոնց շարքին նշելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը։

ԿԻՊՐՈՍ. Կղզիին խոհրդարանը դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան ճանչնալու հայոց Եղեռնը թուրքերու կողմէ։ Նշենք, որ Կիպրոս Եւրոպայի մէջ առաջինն էր, երբ 1975-ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պահանջելով պատմական ճշմարտութեան վերականգնում։

ՔՈԼՈՄՊԻԱ. Յորդառատ անձրեւի պատճառով, անցեալ շաբաթ Մոքուա քաղաքին մէջ զոհուած է աւելի քան 300 մարդ, որոնցմէ 102-ը՝ երեխայ։ Անյայտ կորսուած է եւս 127 հոգի։

ՇՈՒԷՏ. Մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ անցեալ շաբաթ բեռնատար մը մխրճուած է մարդկային բազմութեան մէջ, պատճառ դառնալով 4 զոհերու եւ 15 վիրաւորներու։ Բեռնատարին մէջէն գտնուած է պայթուցիկ սարքով պայուսակ,  իսկ ահաբեկիչը ձերբակալուած է։

ՔՈՐԷԱ. Ամերիկեան ռազմածովային ուժերու հարուածային խումբը մեկնած է Քորէական թերակղզի «Խաղաղական ովկիանոսի արեւմուտքը ներկայութիւն եւ պատրաստուածութիւն ապահովելու համար»։

ՍԵՐՊԻԱ. Ցոյցերը կը շարունակուին Պելկրատի մէջ, որոնք չեն ընդունիր վարչապետ Ալեքսանդր Վուչիչի տարած յաղթանակը նախագահական վերջին ընտրութիւններուն, ուր պաշտօնական տուեալներով ան ստացած էր ձայներուն 55 տոկոսը։

ՍՊԱՆԻԱ. Պասքերու ԷԹԱ անջատական կազմակերպութիւնը անցեալ շաբաթ յանձնեց իր զէնքերը, վերջ դնելով աւելի քան 50 տարի շարունակուած զինեալ դիմադրութեան՝ յանուն անկախութեան։ 2011-էն ի վեր կազմակերպութիւնը զինադուլ յայտարարած էր, բայց զէնքերը չէր յանձնած։ Սպանիոյ հիւսիսը եւ Ֆրանսայի հարաւը իրենց անկախ պետութիւնը ստեղծելու համար տասնամեակներ մղուող պայքարին ընթացքին աւելի քան 800 մարդ զոհուած է։

 

……………………………………………………..

 

Սուրիա, ԱՄՆ, Ռուսիա եւ նոր լարուածութիւններ

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներ սուրիական ռազմական կեդրոններ ռմբահարելէ ետք, որ արդիւնք էր Սուրիոյ իշխանութեան կողմէ քիմիական զէնքեր օգտագործելու եւ տասնեակներով անմեղ զոհերու, Ռուսիա ԱՄՆ-ի այդ քայլը ընդունեց թշնամաբար եւ ըսաւ, թէ Ամերիկա այդպիսով վնաս կը հասցնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։

Միւս կողմէ, Իտլիպ նահանգի ռազմական կեդրոններ հարուածելը «անհրաժեշտ վճռակամութեան» արդիւնք են, նշած էր Եւրոխորհուրդի ղեկավար Տանըլտ Թուսքը։

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ի զինուած ուժերը նախագահ Թրամփի հրամանով 59 թեւաւոր հրթիռներ արձակած էին սուրիական Հոմս նահանգի ռազմական օդակայանին վրայ, ոչնչացնելով առնուազն 15 օդանաւներ։

Ի դէպ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի այս առիթով յայտարարեց, թէ հարուածելով Սուրիոյ, ԱՄՆ ուրախացուց ահաբեկիչները, իսկ Թուրքիա, իր հերթին իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ամերիկային։

– Անցնող օրերուն ամերիկեան մեծ քաղաքներու մէջ, ինչպէս Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, հարիւրաւոր ամերիկացիներ բողոքի ցոյցերով իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին ԱՄՆ-ի կողմէ պատերազմական այս նոր քայլին՝ Սուրիոյ դէմ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ