Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Պաշտօնական եւ վերջնական արդիւնքներու հրապարակում

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը Ապրիլ 9-ին ամփոփեց Ապրիլ 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։ Ընտրողներու ցանկին ընդհանուր թիւը եղած է 2 միլիոն 588 հազար, որոնցմէ քուէարկութեան մասնակցած է 1 միլիոն 575 հազար 782 հոգի։ Անվաւեր՝ 2052 ձայն։

Ելք դաշինք՝ 122,065

Հանրապետական՝ 770,441

Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան դաշինք՝ 32,508

ՀՅԴ՝ 103,048

Ազատ Դեմոկրատներ՝  14,739

Հայկական Վերածնունդ՝ 58,265

Ծառուկեան դաշինք՝ 428,836

ՀԱԿ-ՀԺԿ դաշինք՝ 25,950

Կումունիստական՝ 11,741

Հաստատուեցաւ, որ խորհրդարան անցան ՀՀԿ, Ծառուկեան, Ելք եւ ՀՅԴ, համապատասխանաբար 105 հոգինոց Ազգային Ժողովին մէջ ունենալով 58, 31, 9 եւ 7 աթոռ։

 

Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուներն են՝ Տարօն Մարգարեան, Զարուհի Փոստանջեան եւ Նիկոլ Փաշինեան

Հանրապետական կուսակցութեան Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուն է գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը։ Ան Երեւանի 11-րդ քաղաքապետն է, որ Նոյեմբեր 2011-էն ի վեր այս պաշտօնին վրայ է։ Զարուհի Փոստանջյան, որ դուրս եկած էր Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի  «Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն, վերջերս ստեղծեց իր նոր կուսակցութիւնը՝ «Երկիր Ծիրանի», եւ որպէս պարագլուխը այդ նոր կուսակցութեան, թեկնածու է Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին։ Երրորդ թեկնածուն Ելք դաշինքի ղեկավարներէն Նիկոլ Փաշինեանն է։

ՀՅԴ եւ Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեցին, թէ չեն մասնակցիր Երեւանի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն։ Ծառուկեանի թեւին չմասնակցիլը առիթ կու տայ Փոստանջեանին եւ Փաշինեանին իրենց ուժերը չափելու գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին դէմ։

 

Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան տօնը

Ապրիլ 7-ին Հայ Առաքելական եկեղեցին նշեց Աւետման տօնը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուած է մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց օրհնութեան կարգ՝ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Նոյն օրը, Հայաստան ամէն տարի կը նշէ Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան տօնը, որուն առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է հայ տիկինները, մաղթելով երջանկութիւն եւ ամենայն բարիք։ Նման շնորհաւորագիր մը յղած է նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան։

Նոյն օրը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծարեց Արցախեան ազատամարտին մասնակցած կիներ, զոհուած կին ազատամարտիկներու մայրեր եւ հայրենադարձ հայուհիներ։

 

Ծառատունկ՝ նուիրուած ապրիլեան զոհերու յիշատակին

Ապրիլ 9-ին Արցախի ագրարային համալսարանի ուսանողներուն նախաձեռնութեամբ, Մարտակերտ քաղաքի զօրամասերէն մէկուն կից ծառեր ցանուած են նուիրուած՝ 2016-ի Ապրիլին զոհուած զինուորներու յիշատակին։ Տնկուած է մօտ 130 մրգատու ծառ, որոնցմէ 85-ը՝ անուն-մականուններով, նուիրուած Ապրիլ 2-5 զոհերուն։

 

Ծաղկազարդը Ս. Էջմիածնի մէջ

Ապրիլ 9-ին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդը, որ նաեւ ներկայիս կը նշուի որպէս մանուկներու օրհնութեան օր։ Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Փոքրիկներուն նուիրուեցան խաչեր, իսկ հաւատաւոր ժողովուրդին բաժնուեցան օրհնուած ուռենիի ճիւղեր։

Յետ Ս. Պատարագի, Գարեգին Բ. հայրական օրհնութիւն բաշխեց Հրազդանէն Էջմիածին եկած շուրջ 130 հաշմանդամ երեխաներու։ Տօնին առիթով, Ս. Էջմիածինը երկու միլիոն դրամով պիտի օժանդակէ Հրազդանի Երեխաներու աջակցութեան հիմնադրամի ցերեկային կեդրոնին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ