Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրադարձ. Ամերիկեան երկու ռազմանաւեր կը հարուածեն սուրիական օդուժի խարիսխը

Ապրիլ 4-ին, ամերիկեան Ռոս ու Փորթըր ռազմակիր նաւերը, արեւելեան Միջերկրական ծովէն, 59 հեռավար հրթիռներով հարուածեցին սուրիական Շէյրաթի (Հոմս քաղաքի մօտ) օդանաւակայանը, պատճառելով 7 մահեր եւ որոշ վնասներ անոր այլազան տեղամասերուն։ Այս նախաձեռնութիւնը առնուեցաւ ի պատասխան քանի մը օրեր առաջ սուրիական օդուժին կողմէ կատարուած ռմբակոծումին Խան Շէյխունի, որ Սուրիոյ արեւմուտքը գտնուող Իտլիպի կուսակալութեան մէջ քաղաք մըն է։ Շուրջ 80 անձեր – մեծ ու փոքր – մահացած են ռումբերէն արձակուած քիմիական sarin gas-էն։

Սուրիական կառավարութիւնը պաշտօնապէս հերքեց մահաբեր կազերով օժտուած ռումբերու օգտագործումը։ Չուշացաւ նաեւ ռուսական հերքումը նախագահ Փութինի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ այդ երկրի փոխ-դեսպան Վլատիմիր Սաքրոնովի կողմէ, կատարուած ամբաստանութիւնը անհիմն նկատելով։ 2003-ին, Իրաքի վրայ, Ամերիկայի եւ իրեն դաշնակիցներու նուաճողական պատերազմի ատեն, ներկայացուած էր նման պատճառաբանութիւն մը, որ այնուհետեւ անհիմն պատրուակ դարձած էր Իրաքի վրայ արշաւելու համար։ Կարելի՞ է արդեօք, որ այս դէպքին սենարիոն անոր մէկ կրկնօրինակը ըլլայ։

Հոս կ՚ուզենք քանի մը նշմարներ արձանագրել։

1. Նման ռմբակոծում մը չէր ենթարկուած Քոնկրէսի ծերակուտականներու եւ ներկայացուցիչներու հաւանութեան։ Նման նախաձեռնութիւն մը ենթարկուելու էր նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի հաւանութեան։

Thomas Jefferson School of Law-ի Փրոֆ. Մարճըրի Քոլին այս նախաձեռնութիւնը նոյնպէս կը նկատէ բռնաբարում մը ամերիկեան ու միջազգային օրէնքի։

2. Նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ, իր ընտրական պայքարի օրերուն, եւ ընտրուելէ անմիջապէս ետք ալ, հակառակ իր կատարած հրապարակային յայտարարութեանց, թէ սուրիական հարցը եւ Պաշար Ասատի հեռացումը իր ծրագիրներու նախապատիւ օրակարգերը չէին, Ապրիլ 4-ի հրթիռային ռմբակոծումով, բոլորովին յակոտնեայ ընթացք մը որդեգրած եղաւ։

3. Այս նախաձեռնութեամբ, Միացեալ Նահանգներ յայտնած եղաւ իր ա՛յն մտադրութիւնը, թէ սուրիական տագնապի լուծումին մէջ իր երկիրը եւս ունի տեսակարար իր խօսքը։ Անիկա ուզեց մատնանշել, թէ ինք կը պահէ առաջնակարգ դերակատարի դիրքը համաշխարհային քաղաքականութեան գետնի վրայ։

4. Կայքի մէջ գրուած է, թէ tomahawk հրթիռը կ՚արժէ 1.5 միլիոն տոլար։ Արձակուած ըլլալով 59 հրթիռ, ընդհանուր ռմբակոծումը արժած կ՚ըլլայ 81.5 միլիոն։ Ռուսական կողմը նախապէս տեղեակ պահուած ըլլալով հրթիռարձակումէն, մարդկային ու նիւթական վնասները  սահմանափակ մնացին։

5. Լրագրող Seymour Hersh խնդրական կը նկատէ սուրիական օդուժին sarin gas-ով ռումբերու գործածութիւնը։ Արդարեւ, նկատի ունենալով քաղաքացիական պատերազմին նպաստաւոր ընթացքը սուրիական իշխանութեանց, անոնք կարիքը չունէին դիմելու ծայրայեղ միջոցներու։ Ընդհակառակը, կազային այդ ռումբերը, հաւանականօրէն ռազմաճակատ հասած էին Լիպիայէն, Թուրքիոյ վրայով, Ալ-Քաիտայի ծայրայեղ մէկ կազմակերպութեան՝ Ալ-Նուսրայի զինեալներուն՝ «ճերմակ սաղաւարտաւորներ»ուն կողմէ։ Կ՚ըսուի թէ այս փոխադրութեան ծախսը հոգացած էր գլխաւորաբար միլիառատէր Ճորճ Սորոս։ Ահաբեկիչ այս խումբին պատկանող մթերանոց-զինանոցներէն մէկն էր որ պայթեցուած էր նոյնի՛նքն այդ զինեալներուն կողմէ, կամ ալ, սուրիական ռմբակոծումներու հետեւանքով պայթած էին։ Ելեկտրոնային աղբիւր մը կը հաղորդէ, թէ Խան Շէյխունի ռմբակոծումէն շաբաթ մը առաջ, Էլ-Նուսրայի զինեալները 25 մանուկներ առեւանգած էին Հոմս քաղաքէն։ Այնուհետեւ, Խան Շէյխունի ռմբակոծման, sarin gas-ի ենթարկուած կարգ մը մանուկներ կը կրէին խոշտանգումի հետքեր իրենց մարմնին վրայ։ Կ՚ենթադրուի որ առեւանգուած վերոյիշեալ երեխաները հոն բերուած էին, նման ողբերգական եւ անմարդկային ճակատագրի մը ենթարկուելու  համար։ Վարագոյրի ետին, Թուրքիոյ դաւադրական դերը խիստ հաւանական է, որպէսզի խանգարուի հարաւ-արեւելեան իր սահմաններուն երկայնքին, սուրիացի քիւրտ զինեալներու տիրապետութիւնը։

Այս դէպքէն ետք, ռուսական կողմը վերջ տրուած նկատեց Միացեալ Նահանգներուն հետ սուրիական տագնապը խորհրդակցաբար լուծելու «համաձայնութեան»։

Հրթիռներով ռմբակոծումը ազդարարութիւն մըն էր Չինաստանի, որպէսզի այս վերջինս զսպէ Հիւսիսային Քորէայի հրթիռարձակման գրգռիչ փորձերը։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլերսըն Մոսկուա այցելեց Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12-ին։ Անոր խորհրդակցութիւնները Ռուսական Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ապա՝ Վ. Փութինի հետ, որոշ հասկացողութեան մը չյանգեցան։ Երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները կը մնան լարուած, վատթար վիճակի մէջ։

ՄԱԿ-ի մէջ, Ռուսաստան վեթոյի ենթարկեց Ապահովութեան Խորհուրդի մէջ կատարուած առաջարկը, որ կը դատապարտէր սուրիական օդուժին մահացու ռմբակոծումը, պահաջելով քննութիւն մը բանալ այս կապացութեամբ։

Ռուսաստանի, Իրանի ու Սուրիոյ ներկայացուցիչները պիտի խորհրդակցին ստեղծուած տագնապալի այս կացութեան շուրջ։

Վերոյիշեալ դէպքերու եւ լուրերու հաղորդագրութիւնները՝ հեռատեսիլէն, ելեկտրոնային սարքերէն թէ կայքէջի մէջ, հակասական են կամ լայնօրէն կը տարբերին իրարմէ՝ իրենց տուեալներով թէ մեկնաբանութեամբ։ Այլեւս ընթերցողին կամ անհատին կը մնայ ապաւինիլ իր դատողութեան՝ խնդրոյ առարկայ հարցի մասին, աչքի առջեւ ունենալով շրջանի քաոսային գոյավիճակը, մեծ տէրութիւններու հիմնական շահերը, եւ անոնց դիւանագիտական ու կիրարկուող գործունէութիւնները։

 

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ