Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՖՐԱՆՍԱ. Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը յիշելով անցեալ Ապրիլի Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի վրայ, կը շեշտէ, թէ ռազմական գործողութիւններով հարց չի լուծուիր եւ թէ անհրաժեշտ են ուղղակի երկխօսութիւններ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ 

ԻՐԱՆ. Թեհրան Երեւանին եւ Պաքուին կոչ կ՚ընէ ղարաբաղեան խնդիրը լուծել «առանց երրորդ կողմի միջամտութեան»։

ՍՈՒՐԻԱ. Առնուազն 126 մարդ զոհուած է Շաբաթ օր, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով։ Ինքնաշարժի մէջ տեղադրուած պայթուցիկ սարքը պայթած է, երբ անոր քովէն շիիներ տեղափոխող փոխադրակառք մը կ՚անցնէր։

ԻՐԱՔ. Մոսուլի մօտակայքը սպաննուած է «Իսլամական պետութեան» պարագլուխ Ապու Պաքր ալ Պաղտատիի օգնականներէն «Կովկասի էմիրը»։ Ապրիլ 4-ին սպաննուած էր Ապու Մուհաճիր ալ Ռուսին, որ Ռուսիոյ քաղաքացի էր։

ԱՆԳԼԻԱ. «Սանտէյ Թայմզ» կը հաղորդէ, թէ կարգ մը խորհրդարանականներ եւ սուրիացիներ կոչ ըրած են, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կինը՝ Ասմա Ահրաս Ասատը զրկուի բրիտանական քաղաքացիութենէ։ Ան բրիտանական եւ սուրիական քաղաքացիութիւն ունի։ Իբրեւ թէ, ան ընկերային ցանցերով կը գովաբանէ սուրիական բանակի նահատակները եւ սուտեր կը տարածէ Արեւմուտքի մասին։

ՊԵԼՃԻՔԱ. Երկրին խորհրդարանին մէջ առաջարկուած է պելճիքական քաղաքացիութենէ զրկել այն թուրքերը, որոնք երկքաղաքացիութիւն ունին։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ. Ապրիլ 17-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը մեծ չափի զօրավարժութիւններ սկսած են. հոն են 30 հազար զինուորներ, աւելի քան 250 թնդանօթներ, շուրջ 200 տարբեր չափերու հրետանային համակարգեր, 25 մարտական օդանաւներ, անօդաչու սարքեր, եւայլն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ