Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մութ գոյնով նահանգները «Ոչ» քուէարկած են սահմանադրական փոփոխութեան

Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն կողմ քուէարկեց ընտրողներուն 51,18 տոկոսը

Թուրքիոյ մեծ քաղաքները, փոքրամասնութիւնները եւ հայութիւնը՝ «Ոչ»

 

Թուրքիոյ մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, որուն կողմ քուէարկած է մասնակիցներուն 51,18 տոկոսը կամ՝ 24 միլիոն 325 հազար 817 քաղաքացի, դէմ՝ 48,82 տոկոսը, կամ՝ 23 միլիոն 201 հազար 726 հոգի։ Թուրքիոյ 81 նահանգներէն 32-ին յաղթած է «Ոչ»-ը։ Հիմնականին մէջ դէմ քուէարկած են քրտաբնակ նահանգները, արեւմտեան՝ առաւելաբար աշխարհիկ նահանգները, Միջերկրականի ափին գտնուող նահանգները, ինչպէս նաեւ մեծագոյն երեք քաղաքները՝ Իսթանպուլը, Անքարան եւ Իզմիրը։

Հետաքրքրական է, որ այլ երկիրներու մէջ ապրող եւ հոն քուէարկած թուրքերուն 59 տոկոսը «Այո» ըսած է (շուրջ 831 հազար հոգի), իսկ «Ոչ»՝ 40 տոկոսը՝ (շուրջ 575 հազար հոգի)։ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի մէջ յաղթած են Էրտողանի կողմնակիցները, իսկ մնացած բոլոր երկիրներուն մէջ՝ փոփոխութիւններու հակառակորդները, ինչպէս ԱՄՆ, Մեծն Բրիտանիա, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։

Ընդդիմութիւնը յայտարարած է, որ վերահաշուարկ կը պահանջէ, չընդունելով իշխանութիւններուն կողմէ յայտարարուած թիւերը։

Նշենք, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք Թուրքիան պիտի դառնայ նախագահական կառավարման համակարգով երկիր, իսկ երկրին նախագահ Էրտողանին լիազօրութիւնները պիտի ընդլայնին, մնալով իշխանութեան գլուխը մինչեւ 2029 թուական։ Երեսփոխաններուն թիւը 550-ի փոխարէն պիտի դառնայ 600, իսկ երեսփոխան ընտրուելու տարիքը 25-էն պիտի իջնէ 18-ի։ Նախագահն ու խորհրդարանը պիտի ընտրուին հինգ տարին մէկ՝ փոխան 4-ի։

Էրտողան այսպիսով իրաւունք պիտի ունենայ նաեւ վերադառնալու իր կուսակցութեան՝ «Արդարութիւն եւ Զարգացում»ի շարքեըր։ Նախապէս, ըստ սահմանադրութեան նախագահը անկուսակցական պէտք էր ըլլար։

***

Թուրքիոյ հայ համայնքը հիմնականին մէջ «Ոչ» քուէարկած է հանրաքուէին ընթացքին։ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանի համաձայն, սահմանադրական հանրաքուէն ոչ մէկ ձեւով  բարեփոխում կարելի չէ անուանել։ «Այս բոլորին որպէս արդիւնք Թուրքիոյ մէջ բռնապետական իշխանութիւն պիտի տիրէ», ըսած է ան։

Ի դէպ, միջազգային դիտորդներու գնահատումով, Թուրքիոյ հանրաքուէն տեղի ունեցած է անհաւասար պայմաններու տակ։

………………………………

Էրտողան կը յուսայ որ ի վերջոյ ԱՄՆ պիտի յանձնէ Կիւլէնը

Թուրքիա յոյս ունի, որ Ուաշինկթըն վերջ ի վերջոյ պիտի յանձնէ կրօնական գործիչ Ֆեթհուլէ Կիւլէնը Անքարային։ Այսպէս արտայայտուած է Թուրքիոյ նախագահը երկրի հեռատեսիլէն։ «Ես այս հարցը պիտի քննարկեմ նախագահ Թրամփին հետ Ապրիլ 16-ի ընտրութիւններէն ետք։ Կիւլէնի անօրինական գործունէութեան մասին Ուաշինկթըն ղրկուած փաստերու ընդհանուր չափը կը հասնի 80-85 սնտուկի», նշած է նախագահ Էրտողան։

………………………………

Ամերիկացիներ կը շարունակեն Թրամփի տուրքերուն մասին տեղեկութիւններ պահանջել

Անցեալ Շաբաթ ԱՄՆ-ի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր՝ ընդդէմ նախագահ Թրամփի, որ կը շարունակէ չհրապարակել տեղեկութիւններ իր եկամտահարկերուն մասին։

Բողոքի մեծ թէ փոքր ցոյցեր տեղի ունեցած են աւելի քան հարիւր քաղաքներու մէջ, ինչպէս Պըրքլի, Լոս Անճելըս,  Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Շիքակօ եւ Ֆիլատելֆիա։ Այդ օր նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը գտնուէր Ֆլորիտա։

………………………………

Հիւսիսային Քորէա – ԱՄՆ նոր շիկացումներ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Հարաւային Քորէայէն կոչ ըրաւ Հիւսիսային Քորէային, որ չչարաշահէ նախագահ Թրամփի համբերութիւնը՝ սպառնալիքներ հնչեցնելու առումով։ Այցելութեան նպատակն էր ընդգծել ԱՄՆ-ի հաւատարմութիւնը իր դաշնակիցներուն եւ համախմբել ջանքերը ընդդէմ  Հիւիսիսային Քորէայի վարչակազմին, որպէսզի դադրեցնէ միջուկային եւ պալիսթիք հրթիռներու ծրագիրը։

Հիւսիսային Քորէան Կիրակի օր սեփական արտադրութեան  պալիսթիք հրթիռի անյաջող փորձ կատարած էր Սինփօ քաղաքին մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ