Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարծիք. Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայ տագնապը իրատեսութեան լոյսին տակ

Տ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

     Ո՛չ յոռետեսութիւն եւ ո՛չ ալ լաւատեսութիւն, այլ միայն իրատեսութիւն մնացած է որպէս անհրաժեշտութիւն։ Ներկայիս Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը շփոթ եւ վարանեալ վիճակի մը մատնուած է մասնաւորաբար Մարտ 15¬ի Տեղապահի ընտրութենէն ասդին։ Դէպքերու ընթացքը յայտնեցին մեր մտահոգութիւնը թէ թուրք պետութիւնը ո՛չ թէ կը հետաքրքրուի Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան հարցով, այլ կը միջամտէ իրեն վերապահուած իրաւունքի սահմաններուն մէջ։ Որքան որ ալ նման միջամտութիւն անհարկի եւ անբաղձալի ըլլայ Թուրքիա ապրող հայութեան համար, եւ ատելի ու վարկաբեկիչ՝ արտասահմանի հայութեան համար, այլեւս հարկ է զգաստանալ աւելորդ վրիպումներ յառաջացնելէ, եւ սրտցաւ մտածել ներքիններուն մտահոգութեամբ եւ հաւասարակշռութեամբ, եւ ո՛չ թէ արտաքին անպատասխանատու դիրքեր գրաւելով։ Այս մասին գրած էինք Փետրուարի կիսուն կայացած համայնքային ժողովի առնչութեամբ։

     Երբ պետութիւնը կը միջամտէ եւ նոյնիսկ չի ճանչնար կանոնական սահմաններու մէջ Ընտրեալ Տեղապահը, կրնայ գրիչի հարուածով մը նաեւ չճանչնալ Պատրիարքի մը ընտրութիւնը, եթէ պետութեան բաղձալին չըլլայ թեկնածու անձը։ Այլեւս հոս հասած է խնդիրը դժբախտաբար, եւ որքան որ ալ անընդունելի ըլլան պետական ճնշումները, թրքահայեր եւ արտասահմանի սրտցաւ հայութիւնը պէտք է իրատես ըլլան եւ համոզուին սա իրողութեան, պահե՞լ Հայոց Պատրիարքութիւնը ամէն հաւանական վտանգէ, թէ մեր ունեցածն ալ կորսնցնել։ Անձերու վրայէն պէտք է անցնիլ եւ հասնիլ հաստատութեան, առաջինները այսօր կան, վաղը չկան, սակայն Պատրիարքութիւնն է մնայունը, եւ այն ալ՝ թուրք պետութեան բարեացակամութեամբ միայն, ուզենք կամ չուզենք։ Իմաստութիւնը այդ կը պահանջէ ներկայ տուեալ պայմաններուն տակ։

     Մեր անցեալ սերունդի հայորդիք լաւ կը յիշեն յար եւ նման կացութիւն մը, որ պատահեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն ներս ուղիղ 60 տարիներ առաջ։ Միաբանութիւնը խղճամիտ մտահոգութիւններէ մղուած վանական ներքին կեանքը բարելաւեցին, Տեղապահ եւ նոյնիսկ Պատրիարք մը ընտրելով, երբ մանաւանդ նախկին Տեղապահը արտաքսուած էր Միաբանական շարքերէն։ Սակայն Յորդանանեան պետութիւնը իր պետական իրաւունքի ուժով միջամտեց, շատ աւելի կոշտ ու կոպիտ ճամբով երկրէն հեռացնելով ընտրեալ Պատրիարքն ու իրեն համախոհ հոգեւորականներէն մի քանին։ Տարի մը չանցած նոյն պետական միջամտութեամբ արտաքսեալը մուտք գործեց վանք, Կառավարիչին ձեռքով իր Տեղապահի դիրքին մէջ վերահաստատուեցաւ,  Միաբաններուն առած որոշումները առ ոչինչ համարուեցան, եւ Միաբանական Ժողովի անմիջական գումարումով նախկին Տեղապահը ընտրուեցաւ Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի։ Մայր Աթոռն ու հայ ժողովուրդը իսկոյն համակերպեցան ու հարցը փակուեցաւ։

     Այսօր, նման կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուի Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս եթէ հրաժարի, պետութեան մօտ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը մնայ բոլորովին անգլուխ, որքան ատեն որ նորընտիր Տեղապահ Գարեգին Արքեպիսկոպոս չէ ճանչցուած եւ անընդունելի նկատուած է փոխարինումը։ Աստուած մի արասցէ, եթէ Պատրիարքութիւնը որ թափուր հռչակուած է արդէն, մնայ նաեւ անգլուխ։ Երեւակայեցէք պահ մը։ Պետութեան մօտ, ցաւօք սրտի, Տեղապահ չկայ, կայ միայն ութ տարիներէ ի վեր պետութեան աչքին գործող վաւերական Փոխանորդը։ Պիտի ուզե՞նք Տեղապահի ճանաչման սիրոյն վտանգել Պատրիարքութիւնը, ստիպելով որ գործող Փոխանորդը քաշուի իր գործէն։ Եթէ ի վերջոյ պետութիւնը, իբր թէ հանրաքուէէն ետք, եւ սակայն որքա՛ն ետք, Աստուած գիտէ, մտածէ Հայոց Պատրիարքութեան մասին, ուրիշ ելք չենք տեսներ քան այն որ Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոսը մնայ գործին վրայ, եւ նոյնիսկ ի պահանջել հարկին, ի՛նք հրաւիրէ Պատգամաւորական Ժողովը, գիտութեամբն ու համաձայնութեամբը նորընտիր Տեղապահ Գարեգին Արքեպիսկոպոսին, եւ անշուշտ լրիւ համամտութեամբը թուրք պետական կազմին։ Միայն այս կրնայ ըլլալ «չարեաց փոքրագոյն»ը ազատուելու համար ներկայ տագնապէն, նոյնիսկ եթէ, կը դժուարանամ ըսել, պետութիւնը անուղղակի մատնանշէ Պատրիարքական ի՛ր թեկնածուն, որուն միայն համակիր ըլլալ կը մնայ մեզի, տրուած ըլլալով սա ամենավերջին պարագան որպէս օրինակ երբ Ընտրեալ Տեղապահը առ ոչինչ համարեցին։

     Իրատեսութիւնը այս պարագային բացարձակ անհրաժեշտութիւն մըն է անտարակոյս։ Այսօր հանրաքուէ կոչեցեալը եղած ու անցած է։ Կը մնայ թրքահայոց միացեալ եւ համախոհ կերպով Պատրիարքի ընտրութեան ձեռնարկել, աշխատելով մօտեցնել թուականը որքան կարելի է, եւ չպայքարիլ աւելի զօրաւորին դէմ, այլ համակերպիլ եթէ հարկը պահանջէ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ