Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱՇՏՈՑ ՔՈԼԷՃԻ 25-ԱՄԵԱԿԸ

      Կիրակի, Յունիս 4, 2017, կ.ե. ժամը 5-ին Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանի սրահին մէջ, Լոս Անճելըսի հայութիւնը իր բոլոր խաւերով ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը պիտի նշէ ԱՄՆ-ի ողջ տարածքին վրայ գործող՝ միակ հայկական Մաշտոց Քոլէճի հիմնադրութեան 25-ամեակը:

    Այդ օր պիտի մեծարուի եւ գնահատուի քոլէճի հիմնադիր եւ 25 տարիներու անխոնջ նախագահ, կրթական բազմաբեղուն գործիչ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, անոր կրթական, հոգեւոր եւ հասարակական ծառայութեան 40-ամեակին առիթով:

     Մաշտոց Քոլէճը, քսանհինգ տարիներու իր ծառայութեան ընթացքին ունեցած է 7,065 ուսանող-ուսանողուհիներ: Անոնց 96%ը գործի տեղաւորուած են քոլէճին կողմէ: Քոլէճը ունի 28 հոգինոց մասնագէտ դասախօսական կազմ մը: Հրատարակած է 21 ծանրակշիռ հատորներ, 112 շքանշան, հռչակագիր եւ գնահատագրեր պարգեւած է:

     «Նոր Օր» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Մաշտոց Քոլէճի Տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը. մանաւանդ թերթիս ջերմ բարեկամ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, մաղթելով քոլէճին նորանոր տարեդարձներ եւ մեծարեալին ալ աստուածահաճոյ ծառայութիւններ: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ