Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Արդարութեան Քայլարշաւ Տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներ բողոքի ալիք բարձրացուցին Թրքական հիւպատոսարանին դիմաց

Համայն աշխարհի հայութիւնը՝ Երեւանէն Մոսկուա, Պէյրութէն Սիտնի եւ Նիւ Եորքէն Լոս Անճելըս Ապրիլ 24-ին նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը։ Սրբադասուած մեր նահատակներուն հոգիներուն համար աղօթք բարձրացուեցաւ հայոց բոլոր եկեղեցիներէն ներս, միայն Հարաւային Քալիֆորնիոյ  հայաշատ քաղաքներուն մէջ (Կլենտէյլ, Պրպէնք, Փասատինա, Հոլիվուտ, Լոս Անճելըս) Ցեղասպանութեան յուշարձաններու շուրջ, տեղի ունեցան տասնեակէ աւելի միջոցառումներ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւներն էին Մոնթէպելլոյի եւ Կլենտէյլի հաւաքները՝ ամսուն 23-ին, եւ Հոլիվուտի քայլարշաւը եւ Լոս Անճելըսի Թրքական հիւպատոսարանին դիմաց տեղի ունեցած բազմահազարաւոր երթն ու հաւաքը։

***

Արդարեւ, Ամերիկայի Արեւմտեան ափին մէջ գործող ազգային-քաղաքական, եկեղեցական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ հասարակական գլխաւոր 18 միաւորներուն կազմակերպութեամբ,  Ապրիլ 24-ի կէսօրին «Արդարութեան քայլարշաւը» մեկնարկ առաւ Փան Փասիֆիք Փարքէն դէպի Ուիլշըր պողոտայ, ուր կը գտնուի Թրքական հիւպատոսարանը։

Տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, տարեցներ թէ պատանիներ, Հայաստանի եւ Արցախի եռագոյններով ու ամերիկեան դրօշակներով, Ցեղասպանութիւնը ճանչցող պետութիւններու դրօշակներով, արդարութիւն պահանջող պաստառներով ու ցուցանակներով հաւաքուած էին իրենց ձայնը բարձրացնելու պայքարի անվերջանալի կոչերով, թրքական կառավարութենէն պահանջելով ճանաչում եւ հատուցում։

Քայլարշաւէն առաջ, յանուն միացեալ մարմինին խօսք առաւ Նորա Յովսէփեան, զօրակցական ելոյթներ ունեցան Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներ Տէյվիտ Ռու եւ Փօլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի։

Ապա, տասնեակ հազարաւորներ խորհրդանշական մէկ ու կէս մղոն քայլերթով հասան Թրքական հիւպատոսարան, գլխաւորութեամբ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պետերուն եւ  քաղաքական դէմքերու՝ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Կեւին Նիւսամի,  Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսէթիի,  նոյն կազմի անդամ Ռուի եւ Գրիգորեանի, Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան նախագահ Սթիվ Զիմըրի եւ նախկին քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարակոսայի։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրեր՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ  Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Միքայէլ Վրդ. Մուրատեանի եւ Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանի միացեալ աղօթքէն ետք, քայլերգները կատարեց Մարիա Քոզէթ։

Բացառիկ ելոյթներ ունեցան քոնկրեսական Ատամ Շիֆ, փոխնահանգապետ Կեւին Նիւսամ, Սթիվ Զիմըր եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Քորէց։ Օրուան հանդիսավարներ՝ Լարա Արմանի եւ Հրաչ Աւետիսեան ըստ պատշաճի կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնը։

Ատամ Շիֆ կարեւորեց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Կեւին Նիւսամ դատապարտեց մեծ ոճիրը դրժողները, Փօլ Քորէց երեւան հանեց տարբերութիւնը Հոլոքոսթին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ ուր երկրորդը կը մնայ անպատիժ, Սթիվ Զիմըր կրկնել տուաւ հազարաւոր ներկաներուն՝ «Ես ճշմարտութիւնը պիտի ըսեմ» կարգախօսը, Թրքական հիւպատոսարանին ալ դիմելով՝ «Օր մը դուք ալ պիտի ընդունիք ճշմարտութիւնը»։

Միացեալ մարմինին կողմէ ոգեշունչ ելոյթներ ունեցան Սիլվա Քաջիկեան, Ռաֆֆի Համբարեան եւ Արմիկ Խոտանեան, իսկ յանուն երիտասարդութեան՝ Ռաֆֆի Ուրֆալի։

Ներկաներուն ոգեւորութիւն պարգեւեցին երգիչներ Ար-Մին, Ժոզէֆ Գրիգորեան, Արմէնչիկ եւ Յարութ Փամպուքճեան։

Զօրակցական ներկայութիւն էին երեսունէ աւելի կազմակերպութիւններ, որոնց մէջ ազգութեամբ յոյներ, եզիտիներ, ասորիներ, քիւրտեր, հրեաներ, պաղեստինցիներ, իրլանտացիներ, ուսանողական ընկերակցութիւններ եւ մարդկային իրաւանց խումբեր։ Շնորհակալութիւն կազմակերպիչ մարմինին, որ ամենայն կարգապահութեամբ եւ օրինական ու ապահովական բոլոր միջոցներով անթերիօրէն կազմակերպած էր հսկայական այս հաւաքը։

Պայքարը պիտի շարունակուի… մինչեւ Մեծ Երազի ամբողջական իրականացում։  

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ