Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Լուրեր Արեւմտեան Թեմէն. ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

Նոր Կիրակիի օրը՝ Ապրիլ 23-ին, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի տնօրինումով, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ եւ Հարաւային Քալիֆորնիայի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեան։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու, կատարուեցաւ Սրբադասուած Հայ Նահատակներու Բարեխօսութեան Կարգը։

            Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Ռումանիոյ մէջ երկարամեայ վաստակաշատ ծառայութիւն մատուցած Հոգշ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Պարոնեանի հոգիին համար, որուն Վերջին Օծումն ու յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Ապրիլ 19-ին։

ԳՐԱԿԱՆ-ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

            Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիայի Հայ Գրողներու Միութեան եւ մասնակցութեամբ «Սիփան» Երգչախումբի, Կիրակի, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Գրական-Երաժշտական Հանդիսութիւն։

            Գրական-երաժշտական հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավարը եւ «Սիփան» երգչախումբի հիմնադիրն է Հենրիկ Անասեան։ «Սիփան» երգչախումբի խմբավարն է Սամուէլ Վարոսեան, իսկ դաշնակահարն էր Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեան։

 

ADAA  AND ANTAEUS THEATRE COMPANY-ԻՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ԳԱՐԷՆ ԳՈՆՏԱԶԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

            Կիրակի, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան ADAA եւ Antaeus Theatre Company-ն ներկայացուցին Գարէն Գոնտազեան Մրցանակը՝ հայութեան նուիրուած պատմութիւններու մրցոյթը։ Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը։ Գործադրուեցաւ բովանդակալից յայտագիր մը, որու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Գարէն Գոնտազեանին գեղեցիկ գաղափարը՝ պարգեւատրումներ կատարելու հայութեան նուիրուած պատմութիւններու համար։

ՀՈԳՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ՝ ԿԼԷՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

            Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան իր սերտ յարաբերութիւնը կը պահպանէ հայահոծ Կլէնտէյլ քաղաքի քաղաքապետարանին հետ, ուր Քաղաքի Խորհուրդին մէջ կը ծառայեն նուիրեալ հայորդիներ։

            Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Կլէնտէյլի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ մասնակցեցաւ պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի,  որ պաշտօնապէս ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ