Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Գինեձօն. Գէորգ Պիւյիւք Յակոբեանի «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» հատորը

ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ

 

Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ խումբ մը այլ միութիւններու, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ գիրքին գինեձօնը: Գիրքին հեղինակն էր Գէորգ Պիւյիւք Յակոբեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ առաջին հերթին բեմ հրաւիրեց յայտնի ասմունքող՝ Տիկին Աստղիկ Տատուրեանը, որ հիանալի ոճով ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Մտորումներ ճանապարհի կէսին»էն հատուած մը, ընկերակցութեամբ հռչակաւոր տուտուկահար՝ Ալպերթ Վարդանեանի («Տըլէ Եաման»)։

Ապա Տոքթ. Աւետիքեան ներկաներուն հրամցուց «Հօ՜ Հորովել» երգը դարձեալ ընկերակցութեամբ Ա. Վարդանեանի: Հաճելի էր տեսնել «Նայիրի» պարախումբը բեմին վրայ իր երիտասարդ հայուհիներուն նազելաճեմ պարերովը:

Հեղինակին գիրքին ծանօթացումը կատարեց հրապարակագիր, ազգային-հասարակական գործիչ, մտաւորական՝ Յովսէփ Նալպանտեան։ Ան շեշտեց, թէ գեղագիտական հաճոյք է կարդալ եւ ըմբոշխնել «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» 800 էջանոց ծաւալուն եւ հարուստ գիրքը, որ լոյս աշխարհ եկած է 2016-ի Սեպտեմբերին, տպագրուած Իսթանպուլի մէջ, Փարոս հրատարակչութեան կողմէ (Յովսէփ Նալպանտեանի խօսքէն լայն հատուածներ պիտի հրատարակենք «Նոր Օր»ի յաջորդ թիւով)։

Նալպանտեան գրքէն տեղեկութիւններ փոխանցեց ուսանողութեան թիւերուն, սկաուտութեան հիմնումի ու տարածման, փաստական ցուցակներու մասին, որ հատորին տուած են տարբեր հմայք ու որակ: Նաեւ, կենսագրութիւններու եւ գործունէութեան տարբեր երեսներուն՝ հայ մանկավարժներու, հեղինակներու, ազգային, հասարակական եւ կրօնական գործիչներու, աշակերտաց վիճակացոյցներու, Պոլսոյ Հայ վարժարաններու, ինչպէս նաեւ ժամանակագրական կարգով տրուած, վարժարաններու անուններու, իւրաքանչիւրին տնօրէններու եւ հիմնադիրներու անուններուն մինչեւ 2015 թ.ը:

Յայտագիրը դարձեալ ճոխացաւ Տիկ. Տատուրեանի Վահագն Դաւթեանի «Հայ ժողովրդին» ասմունքով, ապա երգ ու տուտուկով:

Հրաւիրուեցաւ Միութեան ներկայ Ընդհանուր Ժողովի ատենապետ՝ ճարտարապետ Սիմոն Աճըիլաչի տիկինը՝ Հիլտա Աճըիլաչ, որ ընթերցեց հեղինակին քրոջ՝ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխ խմբագրապետուհի Օրդ. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի առաքած նամակը։

Ապա, ամպիոն հրաւիրուեցաւ բոլորիս ծանօթ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց այս գիրքին գիտութեան շտեմարան մ՚ըլլալուն մասին, իր անհամար էջերով, նկարներով, վիճակացոյցներով ու տեղեկութիւններով ուշադրութեան հրաւիրելով թէ հեղինակը անհաւատալի տեղեկութիւններ քաղած է: Նաեւ եզակի կողմը յայտնեց թէ Ազգային վարժարաններու թիւին չափ ալ անհատական վարժարաններ գոյութիւն ունին Պոլսոյ մէջ:

Տոքթ. Աւետիքեան ամպիոն հրաւիրեց Միութեան քարտուղարուհի՝ Տիկ. Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսը, որ ընթերցեց Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նամակը առաքուած Փարիզէն։

Հանդիսութեան աւարտին գիրքին հեղինակը` Գէորգ Պ. Յակոբեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, ըսելով թէ 1973 թուականէն սկսեալ մօտաւորապէս 10 տարի ստանձնած է Պոլսոյ Գումգաբուի թաղի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի հիմնադրի պաշտօնը։ Այդ օրերէն ասդին, ան սկսած է հաւաքել վարժարաններու մասին հրատարակուած բոլոր օրէնք, կանոնագիր, հրահանգ, օրէնքի համազօր Նախարարաց Խորհուրդի որոշումները, ու Կրթական Նախարարութեան կողմէ հրատարակուած ամսագրերու հին ու նոր թիւերը: Այդ բոլորը ուսումնասիրած է ու տեսած է որ կառավարութիւններու քաղաքականութեան զուգահեռ կ՚ընթանային փոքրամասնութիւններու հանդէպ գործադրուած օրէնք կամ հրահանգները:

Երբ ուսումնասիրել սկսած է նաեւ Օսմանեան շրջանի հայ ազգային եւ մասնաւորաμար կրթական կեանքը, տեսած է է որ հոն կար անծայրածիր դաշտ մը, որ չէր մշակուած: Այդ տարիներէն մտադրած է այդ ամμողջ տուեալները հաւաքել ու ամփոփել հատորի մը մէջ:

Հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջին հերթին Պոլսահայ Միութեան, Յովսէփ Նալպանտեանին, Վէն Նայս քաղաքի Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանին (որ կը ներկայացնէր Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը), Կիլիկիոյ թեմի Էնսինօ քաղաքի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանին (որ կը ներկայացնէր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը), ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իր կողքին եղան եւ քաջալերեցին զինք այս գործին համար:

Ապա տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը։

Վարձքը կատար Պոլսահայ Միութեան եւ մասնաւորաբար Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեանին. նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկի յաջողութեան ի խնդիր:

 

Յապաւումներով

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ