Կիրակի, Դեկտեմբեր 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում-ընդունելութիւն ի պատիւ ԹՄՄ-ի նորընտիր ատենապետին

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր ատենապետ Երուանդ Ազատեանին։

Ատենապետ Երուանդ Ազատեան, Փոխ-Գանձապահ Գէորգ Մարաշլեան եւ Վարիչ Քարտուղար Արամ Արքուն Լոս Անճելըս կը գտնուէին հանդիպելու կարգ մը ուսումնական հաստատութեանց վարիչներուն հետ, որոնելու կարելիութիւններ՝ Միութեանս Արշակ Տիգրանեան վարժարանի բարերարներուն ժառանգը շարունակելու ուսումնական ոլորտներու մէջ։ Հոս պէտք է աւելցնել, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը նշանակած է յատուկ յանձնախումբ մը (Feasibility Committee), որու պարտականութիւնն է ուսումնասիրել Մեծն Լոս Անճելըսի հայահոծ շրջանները, ուր հայերէն լեզուի ուսուցման կարիքը կայ եւ յանձնարարել միջոցներ, թէ ինչպէս գոհացում կարելի է տալ՝ այդ պակասը լրացնելու։

Օգտուելով Ազատեանի, Մարաշլեանի եւ Արքունի Լոս Անճելըս գտնուելու պատեհ առիթէն, Միութեանս Արեւմտեան ափի զոյգ մասնաճիւղերը կազմակերպեցին վերոյիշեալ հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միութեանս Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ։ Կազմակերպիչ Յանձնախումբին կողմէ Գէորգ Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց հոն հաւաքուած Միութեանս անդամներուն, համակիրներուն եւ բարեկամներուն եւ ապա հրաւիրեց Արժանապատիւ Տէր Զաւէն Աւագ Քահանայ Արզումանեանը, որ օրհնէ ճաշը։

Ճաշի սպասարկութենէն ետք, Պրն. Քէօշկէրեան ներկայացուց քաղաքս ժամանած հիւրերը եւ հրաւիրեց նորընտիր Ատենապետ Երուանդ Ազատեանը որ ներկայացնէ Կեդրոնական Վարչութեան ծրագրած գործունէութիւնները ապագայի նկատմամբ։

Պրն. Ազատեան դիտել տուաւ, որ հազուագիւտ է որ մշակութային միութիւն մը կոչուի անձի մը անունով։ Սակայն, անմիջապէս աւելցուց ան, բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեան որեւէ պարզ մահկանացու մը չէ, այլ մեր ազգի անցեալին մէջ լիովին մխրճուած ու փայլուն տեսլականով մը շէնշող ապագային նայող եզակի անձ մը, որ հպարտութեամբ կը լեցնէ մէն մի հայուն սիրտն ու հոգին՝ որ կը բաբախէ ազգասիրութամբ ու իր հայրենիքի նուիրումով։ Ան շարունակեց ըսելով, որ մենք դժուար ճակատամարտեր կը դիմագրաւենք այսօր ու թէեւ մեր միութիւնը յարաբերաբար երիտասարդ է՝ հիմնուած 1947 թուականին, սակայն հարուստ է արդիւնաբեր գործունէութեամբ՝ որ կը տարածուի Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հայաստան ու Արցախ։

Թուելով Միութեան նախաձեռնած ծրագիրները, Պրն. Ազատեան նշեց «Ուսուցիչ մը հովանաւորելու» գաղափարը, որ յղացուած էր 17 տարիներ առաջ եւ տակաւին կը շարունակուի։ Միութիւնը նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ 5 դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ գործաւորներուն՝ Երեւանի, Կարպիի, Գիւմրիի, Ստեփանաւանի եւ Արցախի մէջ։

Պրն. Ազատեան հպարտութեամբ արտայատուեցաւ այն մասին, թէ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը առաջինն էր որ հաստատած էր մշակութային կեդրոն մը Հայաստանի մէջ, եւ այդ՝ անկախութենէն անմիջպէս ետք։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Միութեանս որդեգրած սրբազան պարտականութեան՝ մեր լեզուն ու գրականութիւնը պահպանելու եւ առ այդ, այսօր Հայաստանի մէջ հիմնուած են գրական ու գեղարուեստական հինգ մրցանակներ, որոնք ակնկալուածէն աւելի մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն։

Գրական եւ գեղարուեստական գիրքերու հրատարակութիւնը՝ շարունակեց Պրն. Ազատեան, այլ ծրագիր մըն է, որ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը զարկ կու տայ՝ քաջալերելու գրականութեամբ զբաղող մտաւորականները։ Մենք անկախութենէն ի վեր հրատարակած ենք 20 հատորներ եւ այս կարեւոր գործը դեռ պիտի շարունակուի։

Խօսելով Միութիւնս մտահոգող հարցերու մասին, Պրն. Ազատեան ցաւ յայտնեց, որ պէտք եղածին չափով չեն կրցած երիտասարդները ներգրաւել իրենց մէջ։ Սերնդափոխութիւնը խիստ անհրաժեշտ է որեւէ միութեան մը, որպէսզի ժամանակին հետ քայլ պահէ ան ու լճացման չենթարկուի, շեշտեց ան։ Ուրիշ խոցելի կէտ մըն ալ մեր ազգին մէջ այն է, թէ իրենց գործերուն մէջ յաջողութիւն գտած անհատներ, յաճախ անճրկած են հաւաքական կեանքին մէջ ու չեն կրցած հասցնել այդ հաւաքականութիւնը՝ իրենց կերտած անձնական յաջողութեանց մակարդակին։

Ներկայացման աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան։ Խիստ հետաքրքրական ու տեղին էր Պերճ Տէր Սահակեանի հարցումը, թէ ինչո՞ւ Վահան Թէքէեանի անունով փողոց մը չէ անուանուած Երեւանի մէջ, հակառակ որ Վահէ-Վահեանի անունով փողոց մը գոյութիւն ունի: Պրն. Ազատեան պատասխանեց, թէ վերջերս Դանիէլ Վարուժանն ալ արժանացած էր այդ պատիւին եւ կը յուսայ որ շուտով կարգը կու գայ Վահան Թէքէեանին…:

Փոքր խումբերով հաճելի զրոյցները դեռ երկար շարունակուեցան, գաւաթ մը սուրճի շուրջ, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով բոլորին։ Վարձքը կատար կազմակերպիչ յանձնախումբին։

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ