Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մաշոց Քոլէճ կը տօնախմբէ հիմնադրութեան 25-ամեակը եւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ծառայութեան 40-ամեակը

Տեղի պիտի ունենայ երկու ձեռնարկ:

– Կիրակի, Յունիս 4-ին, տեղի պիտի ունենայ Մաշոց Քոլէճի հիմնադրութեան 25-ամեակը, եւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի մանկավարժական, գիտական, ազգային-հասարակական, համայնքային (Միացեալ Նահանգներու մէջ) գործունէութեան 40-ամեակը:

Այս զոյգ յոբելեաններու տօնախմբութիւնը պիտի կայանայ «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ:

Մաշտոց Քոլէճի իրագործումները 25 տարիներու ընթացքին:

* Ուսանողութիւն 7,065

* Շրջանաւարտներ 7,034

* Աշխատանքի տեղաւորում 96 %

* Պաշտօնէութիւն 28

* Պատուոյ դասախօսներ 5

* Համայնքային ձեռնարկներ 168

* Մամուլի հաղորդագրութիւններ 474

* Գոլէճի ստացած գնահատականներ 112

* Հեռուստացոյցի ծրագրեր 2,768

* Հրատարակութիւններ 21

* Ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստան եւ Արեւմտեան Հայաստան 12

* Պատուոյ փրոֆեսորի կոչում 16

* Պատուոյ դոկտորի կոչում 12

* Այցելուներ (տեղական) 4,064

* Այցելուներ (միջազգային) 988

 

Փափաքողներ բարեհաճին հեռաձայնել Մաշտոց Քոլէճ հետեւեալ թիւով (818) 548-9345։

 

– Կիրակի, Յունիս 11-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին տօնակատարութիւնը պիտի շարունակուի Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի գործադրուի մշակութային բարձրորակ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ գաղութիս տաղանդաշատ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներու:

Նոյն յայտագրի ընթացքին պիտի ներկայացուի Դոկտ. Տէր Եղիայեանի նոր հրատարակուած, աննախադէպ հատորի «Voices in Silence» ֆոթօ-ալպոմի շնորհանդէսը:

Այս պատմական, արխիւային արժէք ներկայացնող հրատարակութիւնը կը բովանդակէ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Կապադովկիոյ շրջաններուն, հազար երկու հարիւրէ աւելի գունաւոր նկարներ, քարտէսներ, բացատրութիւններ եւ պատմական տուեալներ:

Մուտքը ազատ է:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ