Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Մերքել Թուրքիոյ մասին՝ Մահապատիժի վերականգնում կը նշանակէ Եւրոպայի հետ երկխօսութեան աւարտ

Գերմանիոյ առաջնորդ Անկելա Մեքել խօսելով Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ յետագայ յարաբերութիւններուն մասին, ըսած է, որ Եւրոպան եւ Թուրքիան պէտք չէ ամբողջութեան երես դարձնեն իրարմէ։ Միւս կողմէ, ան նշած է, որ «Անքարային կողմէ մահապատիժի հնարաւոր վերականգնումը կը նշանակէ, որ երկխօսութիւնը աւարտած է մեր երկուքին միջեւ»։

Յիշեցնենք, թէ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ մտադիր է վերականգնել մահապատիժը իր երկրին մէջ։

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմէտ Տաւուտօղլուին նախկին գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մեհճուպեան այս մասին ըսած է, թէ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժ մտցնելը եւ Արեւմուտքէն հեռանալը ձեռնտու է երկրի ղեկավարութեան։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ