Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՌՈՒՍԻԱ.- Նախորդ Շաբաթ օր, ռուսական տասնեակ մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր՝ պահանջելով, որ Վլատիմիր Փութին գալ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն չմասնակցի։ Անոնք կը վանկարկէին «Մենք արդէն յոգնած ենք» եւ «Կը բաւէ»։ Փութին առաջին անգամ Ռուսիոյ նախագահ ընտրուեցաւ 2000-ին, որմէ ետք վերընտրուեցաւ 2004-ին, իսկ 2008-2012 վարեց վարչապետի պաշտօնը, իսկ հիմա երրորդ անգամ ըլլալով կը նախագահէ։

ԹՈՒՐՔԻԱ.- Համաձայն թրքական լրատուական աղբիւրներու, Թուրքիոյ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան պետական գործակալութիւնը փակած եւ արգիլած է «Ուիքիփէտիա»ն, որովհետեւ, ըստ Անքարայի, հոն կը խօսուի, թէ Թուրքիա կապ ունի ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ։ Նշենք, թէ Թուրքիոյ մէջ անցեալին պարբերաբար փակուած են Ֆէյսպուքը, Թուիթըրը եւ Եութուպը։

ՍՈՒՐԻԱ.- Ամերիկեան զինուած ուժեր սկսած են հսկել Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ, որպէսզի կանխեն թուրք եւ քիւրտ զինուորներու միջեւ բախումները, ապահովելով շրջանին կայունութիւնը։
ԵՄԷՆ.- Երկրին արեւելեան կողմը գտնուող Մարիպ նահանգին մէջ, ամերիկեան հեռավար սարքով սպաննուած են Քայիտայի հինգ զինեալներ։ ԱՄՆ աւելցուցած է հարուածները Եմէնի մէջ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գալէն ետք։

ԱՄՆ.- Հազարաւոր ցուցարարներ բողոքած են Թրամփի բնապահպանական քաղաքականութեան դէմ Ուաշինկթընի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Շուրջ 300 նման ցոյց-բողոքներու ընթացքին անոնք քննադատած են Սպիտակ Տան ներկայ քաղաքականութիւնը, որ կը միտի կրճատել բնապահպանութեան համար կատարուող ջանքերը։

ՎԱՏԻԿԱՆ.- Հռոմի Ֆրանսիսքոս քահանայապետը կը յորդորէ, որ Քորէական թերակղզիին մէջ ճգնաժամը լուծում մը գտնէ խաղաղ ու դիւանագիտական միջոցներով. ապա թէ ոչ, եթէ ԱՄՆ-ի եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ պատերազմ բռնկուի, «մարդկութեան զգալի մասը» կրնայ բնաջնջուիլ։

ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ.- Մակեդոնիոյ մէջ կը շարունակուին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու պահանջքով զանգուածային ցոյցերը։ Ապրիլ 27-ին հարիւրաւոր մարդիկ ներխուժած են խորհրդարան եւ ծեծի ենթարկած սոցիալ-դեմոկրատները, որոնք փորձած էին ալպանացի պատգամաւորներու հետ դաշինք կազմել եւ կառավարութիւն ձեւաւորել։

ՓԱՔԻՍՏԱՆ.- Հազարաւոր ընդդիմադիրներ բողոքի ցոյցերով կը պահանջեն վարչապետ Նաւազ Շարիֆի հրաժարականը։ Պարզ դարձած է, որ Շարիֆի ընտանիքի անդամներ դրամատնային գաղտնի հաշիւներ, առեւտրական հաստատութիւններ եւ անշարժ գոյք ունին արտասահմանի մէջ։

ՀԻՒՍ. ՔՈՐԷԱ.- Անտեսելով ամերիկեան նախազգուշացումները, Հիւսիսային Քորէան դարձեալ միջմայրցամաքային հրթիռ փորձարկած է, լրջօրէն մտահոգելով ամբողջ աշխարհը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ