Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Հայ-քրտական երկխօսութեան յանձնախումբ

Ստեղծուած է Հայ-քրտական երկխօսութեան յանձնախումբ, որուն նպատակն է միջքրտական եւ հայ-քրտական երկխօսութեան գործընթացը կազմակերպելը։ Նպատակն է միասնաբար պայքարիլ Փոքր Ասիոյ բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, հաստատելով արդարութիւն եւ օրէնքի գերակայութիւն, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ աշխարհի վրայ ներկայիս կ՚ապրի շուրջ 40 միլիոն քիւրտ, որոնց կէսը Թուրքիոյ մէջ, նուազ քան քառորդը՝ Իրանի մէջ, վեց միլիոն մը՝ Իրաք, շուրջ երեք միլիոն ալ Սուրիոյ մէջ։ Միայն Գերմանիոյ մէջ կ՚ապրին շուրջ մէկ միլիոն քիւրտեր։ Հայաստանի մէջ՝ սովետական տարիներուն մօտ 80 հազար, ներկայիս՝ 40 հազար։

 

Յորդանանի արքայադուստրը Հայաստանի մէջ

Նախագահ Սարգսեան Ապրիլ 29-ին ընդունած է Քաղցկեղի վերահսկման միջազգային միութեան նախագահ, Յորդանանի արքայադուստր Տինա Միրետին, որ Հայաստան ժամանած էր Երեւանի բժշկական համալսարանին հրաւէրով։ Յորդանանի արքայադուստրը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար, հիացած է Հայաստանի գեղեցկութեամբ եւ Սարգսեանի հետ քննարկած Հայաստանի մէջ քաղցկեղի դէմ պայքարի ուղիներուն մասին։

Միրետին բացի մասնակցելէ խորհրդաժողովներու, այցելած է տեսարժան վայրեր եւ բարձրօրէն գնահատած Յորդանանի հայ համայնքին դերը երկրին մէջ։

 

Գիւմրիի ռուսական խարիսխի հարցը կը մտահոգէ…

Գիւմրիի մէջ ռուս զինուորի սպանութեան հարցը նոր զարգացումներ կ՚արձանագրէ։ Կայ տեղեկութիւն, որ ձերբակալուած կասկածեալը «մուսուլման հայ է, ով չի բաժանւում Ղուրանից»։ Կայ տեղեկութիւն, որ ան Գիւմրի ժամանած էր ճիշդ այդ նպատակով։ Կ՚ենթադրուի, որ արտաքին ուժերու կողմէ հրահրուած բան մըն է, թշնամութիւն յառաջացնելու համար հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ։

 

Հայ-ատրպէյճանական սահմանը կը մնայ անկայուն

Անցնող շաբթուան ընթացքին ոչ միայն Արցախ-Ատրպէյճան, այլ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը մնաց լարուած։ Հակառակորդը բազմիցս խախտեց զինադադարը, որուն հետեւանքով Տաւուշի շրջանի Բաղանիս գիւղը կրեց վնասներ։ Զոհեր բարեբախտաբար չկան։

 

Զբօսաշրջիկներուն թիւը բարձրացած է Հայաստանի մէջ

2017 թուականի առաջին եռամսեակին Հայաստան ժամանած է 1 միլիոն 298 հազար 533 զբօսաշրջիկ։ Այս թիւը 2016-ի նոյն ամիսներուն հետ համեմատելով՝ աճած է 18 տոկոսով։ Ընդհանրապէս, տարեսկիզբի առաջին երեք ամիսները Հայաստան գալու ամէնէն աշխոյժ շրջանն է, որովհետեւ թէ՛ նոր տարի է եւ թէ՛ ալ իրանական նոր տարին է՝ Նովրուզը։

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ