Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Մայիս 1. Տօն Աշխատաւորութեան

Մայիս 1-ը աշխարհի տարածքին նշուեցաւ որպէս տօն աշխատանքի ու աշխատաւորութեան, տեղի ունեցան շքերթներ, ինչպէս նաեւ բողոքի ցոյցեր, պահանջելով արդարութիւն եւ աշխատանք։

ՀՀ նախագահ Ս. Սարգսեան հանդէս եկած է շնորհաւորական ուղերձով։ Հայաստանի մէջ Կոմունիստները կազմակերպած էին սովետական տարիները յիշեցնող երթեր։ Միւս կողմէ, թուանշաններու լեզուով, Հայաստանի մէջ աշխատաւորներու վիճակը այդքան ալ լաւ չէ։

Մայիս 1-ին Հայաստանի մէջ անգործի կարգավիճակ ունէր 80 հազար 709 հոգի (18 տոկոս)։ Աշխատանք փնտռողներուն թիւը այս տարի բարձրացեր է 2640-ով (անոնք հիմնականին մէջ 30+ տարիք ունեցող կանայք են), որոնցմէ 42 տոկոսը աշխատանք կը փնտռէ առաջին անգամ։ Ամէնէն շատ աշխատանք կը փնտռեն Շիրակի մարզին մէջ։ Գործազուրկներէն երեքէն մէկը աշխատանքի կը սպասէ աւելի քան երեք տարի։ Ամէն 54 աշխատանք փնտռողի, պետութիւնը կ՚առաջարկէ… մէկ աշխատատեղ (աղբիւր՝ hetq.am)։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ