Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրադարձ. Աւետեաց երկիր` Ամերիկա՜

Անոնք որոնք շատո՜նց հասած են կամ՝ գաղթած Միացեալ Նահանգներ, տարբեր պարագաներու բերմամբ, հաւանաբար կը տեսնեն, կ՚ապրին և կը զգան կեանքի ապրելակերպի, սովորութիւններու, նորանոր օրէնքներու և մանաւանդ՝ տեսակաւոր ժողովուրդներուն տարբերութիւնը՝ նախքան 1960-ական կամ 1970-ական թուականներու Ամերիկայէն: Մենք մեզ կը մխիթարենք ըսելով՝ «ի՜նչ էինք, ի՜նչ եղանք»: Կար ժամանակ, երբ տանդ դուռը բաց թողած կրնայիր գործի երթալ, առանց դոյզն իսկ մտահոգութեան թէ՝ ստահակ մը, բռնաբարող մը, գող մը կամ ոճրագործ մը կրնար տունդ ներխուժել, գողնալ, սպաննել և ազատ համարձակ ման գալ Ամերիկայի փողոցներուն մէջ, մինչև որ իր «չար» բախտէն ձերբակալուէր մէկ այլ յանցանքով և բանտ առաջնորդուէր, այնտեղի առատութիւնն ու հանգիստը վայելելու համար:

Այն ժամանակ տարբեր էր Ամերիկան իր վարած քաղաքականութեամբ, ժողովուրդին հոգատարութեամբ, իր ամենօրեայ կեանքով և ապահովութեամբ:

Ի՜նչ յոյսեր կապած էինք մեր նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ՝ երկիրը նախկինին նման կայունացնելու, առողջապահական ծառայութիւնը կանոնաւորելու, չարագործները պատժելու, արդարութիւն տարածելու, Միջին Արեւելքի երկիրներէն դուրս գալու, նոյնիսկ Աֆղանիստանէն և Եմէնէն, մեր զինուորները ետ երկիր բերելու, ժողովուրդին գործ հայթայթելու, անօրէն ոճրագործները երկրէն վտարելու, ծայրայեղականները զսպելու և մանաւանդ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար: Արդէն ականատես եղանք այս տարի ևս նոյն խեղկատակութեան, ինչպէս որ յուսախաբ եղած էինք նախկին նախագահներուն ժամանակաշրջաններուն:

Ծիծաղի՞նք մեր միամտութեան վրայ, թէ՝ ցաւինք:

Եթէ Միացեալ Նահանգները պետականօրէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ասկէ 66 տարիներ առաջ, կը կարծենք թէ այլևս հարկ չկայ կրկին ու կրկին պահանջելու այդ իրենցմէ (խօսքը՝ ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփին է:) Ուրեմն, ինչո՞ւ չկեդրոնացնենք մեր  Հայ Դատի աշխատանքները այդ ճանաչումին շուրջ, շահագործելով  այդ 66 տարեկան ճանաչումը այլ հորիզոններու մէջ, ի մասնաւորի՝ Թուրքիոյ մէջ, և շարունակենք մեր պայքարը հատուցման պահանջքներու աշխատանքներով:

Մեր նիւթին վերադառնալու համար շարունակենք ըսելով՝ մինչև հիմա, «խօսքին բացը», տակաւին նոր բան մը չտեսանք մեր նախագահէն, մի քանի աննշան և անգործադիր հրամաններ արձակուելէ բացի, որոնք կասեցուեցան դաշնակցային դատաւորներու հրահանգներով և Քոնկրէսին կամ Սենաթին (Ծերակոյտին) որոշումներով: Իսկ նախագահ Օպամայի օրով օրինականացած առողջապահական ծառայութիւնը, որ փոփոխութեան պիտի ենթարկուէր կամ՝ բարեփոխուէր, այն ևս ձախողութեան մատնուեցաւ: Իսկ պատճա՞ռը, վստահօրէն բոլորս գիտենք և չենք կրնար որևէ փոփոխութիւն մուծել, որովհետեւ, մեր՝ ժողովուրդին ոյժէն գերիվեր է պայքարիլ ապահովագրական, հիւանդանոցներու, դեղորայքի և այլ տիրակալ հաստատութիւններու դէմ:

Նախագահ Թրամփ խոստացաւ և ուզեց կիրարկել այն ինչ որ Միացեալ Նահանգներու հանրութիւնը կը ցանկար երկար ժամանակէ ի վեր: Բայց բազում ցանկութիւն, կամքն՝ երկրի «իսկական» ղեկավարներուն, որոնք հաստատօրէն՝ թաքուն կառոյց են, տարբեր դիմակներով: «Կեանքի մէջ ամէն ցանկացած չես կրնար ունենալ» ըսած են մեր իմաստունները:

Նախագահին պաշտօնէութեան առաջին 100 օրերու գնահատականով, կը պարզուի թէ ի դերեւ ելած են նախագահին և ժողովուրդին յոյսերն ու ցանկութիւնները ի տես իրականութեան, որովհետեւ համարեա ոչինչ փոխուած է տակաւին նախկին իշխանութեան ուղեգծէն: 

Սուրիոյ և Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան զօրքերը քաշուելու փոխարէն բազմացան:

Պատերազմական նորանոր սահմաններ կ՚ուրուագծուին:

Մեքսիքոյի պատը տակաւին կը մնայ խոստում:

Ծայրայեղականները զսպելու աշխատանքներով անմեղ զոհերու թիւը անոնց հետ կ՚աճի:

Երկրին խաղաղութիւնը կ՚ակնկալէինք անմիջապէս. և սակայն եկուր տես որ հակառակը պատահեցաւ, համարեա ամենօրեայ ցոյցերու և բողոքներու երթերով:

Անօրէն ոճրագործերուն երկրէն վտարուելու կարգադրութիւնը կը հանդիպի խոչընդոտներու:

Մինչ այդ՝ մեր «սիրելի և պատկառելի» օրէնսդիրները օր ըստ օրէ աւելի կը դիզեն իրենց հարստութիւնները, իրենց դղեակներուն պատերը առաւել ևս բարձրացնելով ժողովուրդին ուսերուն վրայով, անոնց ճակտի քրտինքով և անոնցմէ գանձած նորաձև տուրքերով, սակերով և աւատներով: Տուրքերու վերջին նորաձևութիւններէն կը պարզենք, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգապետը արդէն, ժողովուրդին կամքով թէ առանց անոր, հրահանգած է վառելանիւթին (պենզինին, կէզին) իւրաքանչիւր կալոնի վրայ 12 սէնթ յաւելեալ տուրք դնել, ճամբաներու նորոգութեան համար: Պահ մը հարց տանք մեր նահանգապետին, թէ այսքան ժամանակ նոյն նպատակին համար գանձած տուրքերը ի՞նչ ըրիք արդեօք:

Եթէ նախկին նախագահին խորհրդականները կը ջանային հարստանալ ժողովուրդին հաշուոյն, մտածեցինք՝ ներկայ նախագահին խորհրդականները արդէն մեծահարուստներ են, այնքան ճղճիմ հաշիւներու կարիքը չունին: Բայց սխալած կրնանք ըլլալ, որովհետեւ՝ դեղերու ընկերութիւններուն տուրքերու նուազում առաջարկուած է արդէն, փոխան դեղօրայքի գիներու նուազեցման, որ տակաւին ժողովուրդը չէ տեսած:

Իսկ այն տիտան հաստատութիւնները տակաւին կը մնան անսասան իրենց տիրապետութեանց սահմաններուն մէջ:

Ասիկա՝ մի քանի օրինակ միայն:

Ուրեմն, նախագահը պիտի չկարենա՞յ յարգել իր խոստումը:

Կը սպասենք բարիին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ