Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն. Բռնաբարութեամբ եւ մասամբ նորին

Հետեւեալ դէպքը կը պատահի Ֆիլատելֆիոյ Ամիշ (Amish) համայնքին մէջ։ Ամիշ համայնքը աղանդի մը կը պատկանի, որուն հիմնադիրները Եւրոպայի կրօնական հալածանքներէն փախուստ տալով, 1730 թուականին հաստատուած են Ֆիլատելֆիոյ Լէնքէսթըր քաղաքը։ Քսան տարի առաջ անոնց բնակչութիւնը կը հաշուէր 30,000, իսկ այժմ անոնց թիւը կրկնապատկուած է, որովհետեւ իւրաքանչիւր ամոլ ծնունդ կու տայ 7-8 զաւակներու։

Ինչ են Ամիշ համայնքի ապրելակերպի յատկանշական պայմանները։ Անոնք ելեկտրականութիւն չեն գործածեր, ոչ ալ ինքնաշարժ։ Անոնց փոխադրամիջոցը կը բաղկանայ ձիով քշուած հնադարեայ կառքերէ։ Ունին իրենց յատուկ եկեղեցին եւ դպրոցը՝ մինչեւ ութերորդ դասարան, որմէ ետք իրենց պատանիները կը նետուին գործի ասպարէզ։ Իսկ գործի ասպարէզը պարզապէս հողագործութիւնն է։

Ուրեմն, մեր պատմութեան առանցքը կը կազմէ 51 տարեկան Ամիշ համայնքի զաւակ Լի Քաբլանը (տեսնել նկարը), որ իր տան մէջ պահած է 3-18 տարեկան 12 աղջիկներ։ Աւելին, ան բռնաբարած է իր տան մէջ ապաստան գտած այդ աղջիկներէն 14 տարեկան պարմանուհի մը, որ հիմա մայր է երեք տարեկան եւ վեց ամսական երկու զաւակներու…

Բարեբախտաբար Լի Քաբլան վերջերս ձերբակալուած է տեղական ոստիկանութեան կողմէ, անսալով դրացիին հեռախօսազանգին։ Դրացին՝ մտահոգուած պարտէզին մէջ ման եկող դեռատի աղջիկներուն յայտնաբերած վախի արտայայտութիւններէն, հեռաձայնած է ոստիկանութեան եւ յայտնած իր մտահոգութիւնը։

Դժբախտաբար սակայն հարցը հոս չի վերջանար, այլ նոր զարգացումներու դուռ կը բանայ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ոստիկանական հետազօտութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ 14 տարեկան աղջկան ծնողքն է, որ իրենց զաւակը սիրայօժար յանձնած են Քաբլանին, երբ ան խոստացած է զիրենք ազատել նիւթական նեղ կացութենէ մը՝ ըստ որուն անոնք պիտի կորսնցնէին իրենց ապրուստը ապահովող ագարակը։

Անոնք նաեւ աւելցուցած են, որ իրենք պրպտած են օրէնքի տրամադրութիւնները եւ գտած, որ իրենց առած քայլը օրինաւոր է։ Հիմա անոնք ալ ձերբակալուած են ոստիկանութեան կողմէ, ամբաստանուած՝ իրենց դստեր կեանքը վտանգի տակ դնելու յանցանքով։ Պատիժս արժանաւորաց։

 

Ոճրագործութեամբ եւ մասամբ նորին

Կը յիշէ՞ք նորվեկացի ոճրագործ Էնտըրս Պրէվիքը, որ 2011-ի Յուլիսին զանգուածային ոճիր կատարեց, ապա դատապարտուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ։

Արդարեւ, ան (տեսնել նկարը) նախ ռումբ մը պայթեցուց մայրաքաղաք Օսլոյի կեդրոնական հրապարակը, որուն հետեւանքով մահացան ութ անմեղ մարդիկ, եւ ապա գնաց մօտակայ Եութոյա (Utoeya) կղզին ու սպաննեց 69 պատանիներ՝ որոնք կը մասնակցէին ամառնային ճամբարի մը։

Ան կը պատկանէր ծայրայեղ աջակողմեաններու խմբակի մը, իսկ ճամբարի մասնակցողները անդամ էին չափաւոր ձախակողմեաններու խմբակի մը։ Ուրեմն, գաղափարական տարբերութիւնն էր որ պատճառ հանդիսացած էր վերոյիշեալ սպանդին, այլապէս քաղաքականօրէն հանդարտ այդ երկրին մէջ։

Իսկ ինչու հնամաշ այս պատմութիւնը դարձեալ լուսարձակի տակ առնուեցաւ, ձեզմէ ոմանք պիտի հարցնեն։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ անոր դրդապատճառը։ Արդարեւ, ան դատ բացած է պետութեան դէմ՝ բողոքելով որ մարդկային իր իրաւունքները խախտուած էին, որովհետեւ օրական 23 ժամ ան կ՚ապրէր մեկուսացման մէջ…

Հոս պարտինք յիշել, որ իր սենեակը (տեսնել նկարը) օժտուած է հեռատեսիլով, վիտէօ խաղերու կազմածով եւ մարզանքի գործիքով (treadmill): Է՜հ այսքանը չի բաւեր եւ մեր մարդասպանը կ՚ուզէ որ ազատօրէն շրջագայի բանտին մէջ։

Սակայն, զարմանալին այն է, որ դատաւոր մը՝ մի ոմն Հելէն Սէքուլիճ,  վճռած է ի նպաստ մեր ոճրագործին։ Բարեկամ, արեւմտեան երկիրներու դատաւորները ինչու այսքան ազատամիտ են՝ չեմ հասկնար։ Վստահ եմ այս դէպքը եթէ պատահէր Միջին Արեւելեան երկրի մը մէջ, արդիւնքը շատ աւելի տարբեր դուրս պիտի գար. չէ՞ք խորհիր…։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ