Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Խորհրդածութիւններ, լուրեր, նշմարներ. Ապրիլ 24-ի ոգեկոչում Նիւ Եորքի Թայմզ Սքուէրի մէջ

ՆԵՐՍԷՍ Ե. ՊԱՊԱՅԵԱՆ

 

Աշխարհի ամենաբազմաբեղուն հրապարակ Թայմզ Սքուէրը, այս տարի դարձեալ թատերաբեմը հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան տպաւորիչ տօնակատարութեան։

Անգամ մը եւս հոն էին ամերիկեան քաղաքական կեանքէն ներս հայկական դատը ջատագովող անձնաւորութիւններ, հայ կազմակերպութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ յատկանշականօրէն ծովածաւալ բազմութիւն մը։ Ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Ֆրանք Փալոն յայտարարեց.

«Այսպէս գեղեցիկ եւ պայծառ օր մը՝ մենք դժբախտ պատահարներու մասին խօսելու չենք» ակնարկելով հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած թրքական խժդժութիւններուն, աւելցնելով. «Այնքան ատեն, երբ Թուրքիան կ՚ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չի վաւերացներ պատմական այդ իրողութիւնը, մենք հոս պիտի մէկտեղուինք ամէն տարի»։

Աւելի քան երեք տասնամեակ, Ֆրանք Փալոնը տքնաջան՝ հետապնդած է հայանպաստ ամէն նախաձեռնութիւն Քոնկրէսէն ներս, լծակից ունենալով 80-է աւելի լծակիցներ։

Արդարեւ, Կիրակի, Ապրիլ 23-ին Նիւ Եորք քաղաքի սրտին վրայ գտնուող Թայմզ Սքուէրի չորս փողոցները երթեւեկութեան համար փակուած էին եւ գեղեցկօրէն կարգաւորուած ամպիոնին վրայ ամերիկեան բարձրաստիճան քաղաքական անձնաւորութիւններու կողքին, հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութեանց հայկական երեք կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները տեղ գրաւած էին։

Ինչպէս նախանցեալ հանդիսութեանց, այս տարի եւս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի (Կիլիկիոյ կաթ.) առաջնորդ Օշական Արք. Չոլոյեան հրաւիրուեցաւ աղօթքով ընթացք տալու յայտագրին։

Սրբազան Հայրը խորիմաստ իր խօսքերով բնութագրեց օրուան շնանակութիւնը եւ իր պատգամը խտացուց հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Մեր նահատակները այսօր սուրբերն են»։

Ամպիոնին վրայ տեղ գրաւած էին Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջանէն Հայ Դատի աննկուն ախոյեաններ դեմոկրատ ծերակուտական Չաք Շումըր, քոնկրէսմէն Ֆրանք Փալոն եւ Քարոլին Մալոնի։ Երկրորդ Ծերակուտական Պապ Մենենտեզ ստիպողական պատճառներով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, սակայն ղրկած էր զօրակցական պատգամ մը։

Ծերակուտական Չաք Շումըր ամգամ մը եւս մատնանշեց իր հայանպաստ արեւելումին դրդապատճառը. «Իմ դրացիս էր Սէմ Ազատեանը Պրուքլինի մէջ։ Ան մաս կը կազմէր քաղաքապետութեան։ Մենք մօտիկ բարեկամներ ըլլալով ինքն էր որ զիս քաջալերեց ընդգրկուիլ քաղաքական ասպարէզէ ներս։ Աւելին, նաեւ ինքն էր զիս հայկական ջարդերուն ծանօթացուց»։

Շարունակելով Ծերակուտականը ըսաւ. «Պետական պաշտօնատան բարձրաստիճան պաշտօնատարները յաճախ կը գանգատին հայանպաստ իմ գործունէութիւններուս մասին, առարկելով թէ թուրք պետութիւնը կը վիրաւորեմ, սակայն ճշմարտութիւնը՝ ճշմարտութիւն է։ Մենք ուխտած ենք շարունակել Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը մինչեւ վերջնական յաղթանակ»։ Գովերգելով ամերիկահայ համայնքը, ան եզրակացուց. «Դուք մէկ ու կէս միլիոն նահատակ տուիք։ Այսօր, այս հողին վրայ կ՚ապրին մէկ ու կէս միլիոն հայեր, որոնք բարգաւաճելով նաեւ կը սատարեն այս երկրին բարգաւաճման։

Ծերակուտական Շումըր իր պաշտօնակից Մենենտեզի նման, առանց ընդմիջումի ամէն տարի կը մասնակցի այս հանդիսութեան։

Քանի մը տարիներ առաջ, իր կարճ յապաղումը այսպէս բացատրեց. «Երբ կը պատրաստուէի հոս գալ, ձայնասփիւռէն տեղեկացայ թէ Պրուքլինը Նիւ Եորքի կապող կամուրջին վրայ եռուզեռը անշարժացած էր։ Հետեւաբար, հեծելանիւս գործածելով միացայ ձեզի»։

Այսօր, Ծեր. Շումըր ամերիկեան քոնկրէսի 2-րդ բարձրաստիճան անդամն է եւ դեմոկրատներու պարագլուխը։

 

Խորապէս գօտեպնդիչ եւ ներշնչող երեւոյթներ.

• Ն.Ճ.ի Յովնանեան հայկական վարժարանի մատղաշ աշակերտ-աշակերտուհիները հադիսութեանց սկիզբը բեմ բարձրանալով, հայկական եւ ամերիկեան դրօշակները իրենց ձեռքին, երգեցին Հայաստանի եւ Ամերիկայի քայլերգները։

• Յայտագրի աւելի քան երկու ժամ տեւողութեան, ՀՄԸՄ-ի պատանի սկաուտները, զինուորական կարգապահութեամբ, վեր բռնած էին Հայաստանի, Ամերիկայի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակները։

• Օրուան երկու հանդիսավարները, անգամ մը եւս գերազանցեցին իրենք զիրենք՝ բացառիկ ճկունութեամբ վարելով խճողուած յայտագիրը։

Արմէն Մըքամպըր, երիտասարդ փաստաբան եւ Ռէյչըլ Կօշկարեան դասախօսուհի հռչակաւոր Լաֆայէթ համալսարանին մէջ, ամերիկահայ նոր սերունդին ամէնէն հռչակաւոր վաւերական ներկայացուցիչներէն են. Արմէնին մայրը հայ է, իսկ Ռէյչըլին՝ հայրը. երկուքին ալ սրտին մէջ կը բաբախէ ջերմ հայութիւն։ Անոնց նուիրումը հայութեան անսակարկ է։ Երկուքն ալ հասած իրենց ասպարէզներու բացառիկ յաջողութեան, ունին ազգային պատկանելիութեան հաստատ գիտակցութիւն, իրենց վստահուած այս կարեւոր պաշտօնը կը կատարեն ճարտարօրէն, տարիներէ իվեր, կամաւորապէս։

• Պրն. Փալոնի իր խօսքին մէջ ցնծութեամբ յայտնեց, թէ Նիւ Ճըրզիէն Նիւ Եորք ճամբուն ընթացքին, իր գրասենեակէն զինք տեղեկացուցին, թէ Ուայումինկ նահանգը դառնալով 45-րդ նահանգը, պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ամերիկայի մէջ։

• Տարեկան այս յուշահանդէսը կազմակերպուած է Վարդանանց Ասպետներու կողմէ եւ հայկական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին աւանդական մեր երեք կուսակցութիւնները կը մասնակցին եւ անոնց ներկայացուցիչները խօսք կ՚առնեն։

• Նիւ Եորքի ոսկիկանութիւնը թոյլատու գտնուեցաւ ընդարձակել հանդիսութեան համար յատկացուած գօտին, որովհետեւ ակնկալուածէն շատ աւելի մասնակիցներ եկած ըլլալով հաւաքին նշանակուած տարածքին արտօնագիրը բաւարար չէր։

Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի հայկական միակ ռատիօ-հաղորդումներու կայանը՝ WSOU այս տարի կենդանի հաղորդումներով, համացանցով ժամը ժամին հանրութեան մատչելի դարձուց Թայմզ Սքուէրի հանդիսութիւնը, տեղւոյն վրայ։ Շնորհաւորելի եւ աննախընթաց երեւոյթ մըն էր այս։ Ռատիոկայանի հիմնադիր տնօրէն Տոքթ. Վարդան Ապտօ, տասնամեակներէ իվեր, աննկուն կամքով, ոտքի կը պահէ այս ազգօգուտ նախաձեռնութիւնը։

• Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Քարոլին Մալոնի վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ ունեցած կենսական դերը՝ մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ ՚Ան անձնապէս ներկայացուց միջազգային ախոյեան մարզիկներ Ալպէր Ղազարեանը եւ Տիգրան Յարութիւնեանը, որոնք պարգեւատրուեցան շքանշաններով։

• Ամերիկահայ յայտնի փաստաբան Մարք Կիրակոս իր խօսքը առանձնապէս ուղղեց նոր սերունդին, պատգամելով թէ Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ մոռնան եւ թէ մեր վրէժը կը լուծենք ոչ միայն գոյատեւելով, այլեւ ուռճանալով։

• Իւրաքանչիւր խօսող աներկբայօրէն ակնարկեց «Խոստումը» շարժանկարին, յարգանք մատուցանելով ֆիլմին մեկենաս Քըրք Քըրքորեանին։ «Եթէ այս ֆիլմը չէք տեսած, տեսէք, իսկ եթէ տեսած էք, դարձեալ եւ դարձեալ տեսէք»։

• Նիւ Եորք նահանգի կառավարիչ Անտրու Քոմօ եւ Նիւ Եորք քաղաքի քաղաքապետ Պիլ Տը Պլալիօ պաշտօնական հռչակագիրեր ստորագրած էին Ապրիլ 24-ը նշանակելով Հայոց Ցեղասպանութեան օր։

Շրջանակի մէջ առնուած հռչակագիրերը ցուցադրուեցան ներկայ հասարակութեան։

• Ապրիլ 24-ի համատարած նշումէն անմիջապէս ետք, Ծեր. Մենենտեզ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նոր բանաձեւ մը ներկայացուց ամերիկեան Քոնկրէսին։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ