Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Շուշիի ազատագրութեան  25-ամեակին առիթով այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք տալով զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին։

ԻՍՐԱՅԷԼ.- Իսրայէլի իշխանութիւնները մտադիր են զրկել արաբերէն լեզուն երկրորդ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակէն։ Նոյն ատեն, կը ծրագրուի, որ արաբերէնին տրուի «յատուկ կարգավիճակ», որ տակաւին քննելի է։

ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ.- ԱՄՆ-ի բանակը կը հաղորդէ, թէ Աֆղանիստանի մէջ «Իսլամական պետութեան» ղեկավարներէն Ապտուլ Հասիպի եւ անոր զինակիցներու սպանութիւնը Ապրիլի վերջաւորութեան՝ կրնան զգալիօրէն թուլացնել ահաբեկիչ կազմակերպութեան դիրքերը։

ՌՈՒՍԻԱ.- Արեւելեան եւրոպական երկիրներ՝ Ուքրանիա, Նորվեկիա, Մոնթէնեկրօ եւ Ալպանիա կէս տարիով երկարաձգած են Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կարգ մը քաղաքացիներու եւ կազմակերպութիւններու պատժամիջոցները։ Եւրոմիութեան ընդունած պատժամիջոցներու ցանկին վրայ կայ 150 անձ, որոնց մէջ ռուս քաղաքական գործիչներ եւ գործարարներ։

ԱՄՆ.- Նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած է նիւթական յատկացումներու մասին որոշում մը՝ տրուելիք օտար երկիրներու։ Հոն ըսուած է, որ կ՚արգիլուի ԱՄՆ-ի կողմէ օգնութիւն ցոյց տալ այն պետութիւններուն, որոնք Աբխազիան եւ Հարաւային Օսիան կը ճանչնան որպէս անկախ պետութիւն։ Բացի այդ, 100 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի երկիրներուն, որպէսզի պայքարին Մոսկուայի ազդեցութեան դէմ։

ԱՓՐԻԿԷ.- Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ անյայտ մահացու նոր հիւանդութիւն մը յայտնաբերուած է։ Էպոլա չէ, եւ Լիպերիոյ ու Սիէրա Լէոնէի մէջ տարածուած է ամէնէն շատ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ