Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախեան Շաբաթ

– Հայաստանի նախագահը Ստեփանակերտի մէջ Մայիս 8-ին ներկայ գտնուած է «Թումօ-բանակ» ծրագիրի պաշտօնական բացումին։

– ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 8-ին Շուշիի մէջ ունեցած է հանդիպում զինծառայողներու հետ։

– Եռատօնին առիթով Արցախի նախագահական նստավայրին մէջ ետղի ունեցած է պարգեւատրման արարողութիւն։ Խումբ մը զինուորներու եւ կամաւորներու յանձնուած  են պարգեւներ։ Նախագահ Սահակեան դրուատած է Եռատօնին նշանակութիւնը հայութեան կեանքէն ներս։

– Մայիս 8-ի առաւօտեան Արցախի հիւսիսը գտնուող զօրամասի մը մէջ դժբախտ արկածի զոհ գացած է երեք զինուոր։ Ջրամբարի մէջ ջրահեղձ եղած են Ռուբէն Բարսեղեան, Ռաֆայէլ Բիշարեան եւ Ռուբէն Մնացականեան։

– Մայիս 7-ին նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայ գտնուեցաւ Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած սուրբ պատարագին՝ նուիրուած Արցախի պաշտպանութեան բանակին։ Ներկայ գտնուած են նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ պաշտօնեաներ։

– Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ բժշկական գիտաժողով։

– Նկարիչներու միութեան կազմակերպութեամբ՝ Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս։

– Մայիս 6-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան եռատօնին նուիրուած տօնական համերգ։

– Շուշիի ազատագրման 25-րդ տարեդարձին առիթով՝ ուսանողական գիտական համաժողով Արցախի համալսարանին մէջ։

– Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է «Պաշարուածները» փաստավաւերագրական ժապաւէնին առաջնախաղը։ Հոն կը պատմուի 1991-92 թուականներուն Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման մէջ առնուած Ստեփանակերտի մէջ տիրող իրավիճակը եւ այդ օրերու մասին ականատեսներու վկայութիւնները։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ