Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Լուրեր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութենէն

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը կապող կարեւոր օղակ մըն է մեր՝ սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան եւ հողին՝ Մայր Հայրենիքին միջեւ։ «Նոր Օր» տեղի սղութեան պատճառով հարկադրուած է յետ այսու կարճ արձագանգներով տեղ տալ նախարարութեան հսկայական աշխատանքներուն, խնդրելով, որ հետաքրքրուողները այցելեն նախարարութեան կայքը՝ mindiaspora.am, յաւելեալ տեղեկութիւններու համար։

 

Մայիս 6, 2017. Տեղի ունեցաւ «Նայիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի մեկնարկի հանդիսաւոր արարողութիւնը Հանքաւանի մէջ։ Գլխաւոր հովանաւոր՝ ռուսահայ գործարար Գրիգոր Ղուկասեան։

Մայիս 4, 2017. «Հայկական պատմամշակութային արժէքները Մերձաւոր Սփիւռքում» թեմայով քննարկում. գլխաւոր բանախօս՝ Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավար, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան։ Ան նշած է, որ օտար ուսումնասիրողներուն կը հետաքրքրէ Ատրպէյճանի հայկական յուշարձանները, սակայն Ատրպէյճան ամէն ձեւով կը փորձէ վանել նման մասնագէտներ Նախիջեւանէն։ Կարապետեան խօսած է նաեւ Հնդկաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններու մասին։

Մայիս 3, 2017. Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց շուէտահայ գրող եւ աւելի քան երեսուն շարժանկարներու հեղինակ Սիւզան Խարտալեանը։ Անոր վերջին գործերէն է «Մեծ մօրս դաջուածքները» ֆիլմը, որ կ՚անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ամօթի ու տառապանքի մէջէն անցած հայ կիներուն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ