Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նոր նախագահը կը ստանձնէ իր պաշտօնը

3 Մայիս 2017-ին Իզապէլ Մոթա իր նոր պաշտօնը ստանձնեց իբրեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար, յաջորդելով Արթուր Սանթոս Սիլվային, որ այդ պաշտօնը վարած էր 2012-2017 ժամանակաշրջանին։

Տիկին Իզապէլ Մոթա՝ հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմնի անդամ է 1999-էն ի վեր. նախագահ ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ անցեալ 7 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած լիագումար ժողովին։

Մոթա ծնած է Լիզպոն, 1951-ին, եւ Լիզպոնի համալսարանի շրջանաւարտ է՝ տնտեսագէտի մասնագիտութեամբ։ 1973-էն ի վեր աշխատանքային ընդարձակ փորձառութիւն ունեցած է՝ պետական, համալսարանական եւ այլ կալուածներու մէջ ղեկավար դիրքեր վարելով։ Անոնց շարքին պէտք է յիշել, թէ 1978-1986-ին Ելեւմտից նախարարութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ընդհանուր փոխտնօրէն եղած է, իսկ 1987-1995-ին՝ Շրջանային Ծրագրաւորման եւ Զարգացման պետական քարտուղար, պատասխանատու ըլլալով Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու ի նպաստ Փորթուկալի զարգացման ծրագիրներուն:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ