Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Միշիկըն Տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան ի պատուի

ՀԲԸՄ-ի Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը կը շարունակէ գրանցել գերազանց ուսումնական արդիւնքներ: Վարժարանը արդէն կը ճանչցուի իբր Միշիկընի լաւագոյն չարթըր դպրոցներէն մին: Իսկ վարժարանիս երկրորդական բաժինը՝ Ամերիկայի հազարաւոր չարթըր դպրոցներուն մէջ պաշտօնապէս կը գնահատուի իբր պրոնզի բարձր մակարդակ ապահոված ուսումնական հաստատութիւն:

Եւ ահա, Մարտ 29, 2017-ին, Միշիկընի պետական չարթըր դպրոցներու Michigan Association of Public Academies (MAPSA) ընդհանուր նախագահ Տան Քուիզընպերին յայտարարեց այն հինգ տնօրէններուն անունները, որոնք ճանչցուեր էին իբր Միշիկընի լաւագոյն կրթական պատասխանատուներ: Մանուկեան վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանը մէկն էր այդ հինգէն: Ընտրութիւնը կատարուեր էր հարիւրաւոր ընտրեալ թեկնածուներու ցանկէն:

Իսկապէս շնորհաւորելի ձեռքբերում, ոչ միայն Դոկտ. Թորոսեանին՝ այլ Բարեգործականի այս կրթական հաստատութեան հետ առնչուող բոլոր ուսուցիչներուն ու պատասխանատուներուն համար: Այս առնչութեամբ 35-րդ ընտրական շրջանի նահանգային ներկայացուցիչ Ճերըմի Մոսսը յատուկ գրութեամբ շնորհաւորեր էր Դոկտ. Թորոսեանը այսպիսի բարձր պատուի արժանանալուն համար:

Վկայագիրներու յանձման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 26, 2017-ին, նահանգիս մայրաքաղաք Լենսինկի խորհրդարանին մէջ: Ներկայ էին նահանգի կրթական պատասախանատուները, Սենատի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ, չարթըր դպրոցներու ղեկավարներ: Այս արարողութեանը նախորդեր էր MAPSA-ի կողմէ պատրաստուած հինգ վայրկեանի տեսաերիզը նուիրուած Մանուկեան վարժարանի յաջողութիւններուն: Այս տեսաերիզը արագ տարածուեր ու մեծ ընդունելութիւն գտեր էր գաղութիս մէջ: Այն կարելի է դիտել Youtube-ի մէջ հետեւեալ հասցէով` https://youtu.be/JXfmVsG0q-U 

Ինչպէս կը տեսնէք, Մանուկեան վարժարանի յաջողութիւնները կը գնահատուին նաեւ հայկական համայնքէն դուրս: Այս փաստին լաւագոյն օրինակն է արդէն օտար համայնքներէն դպրոցս յաճախող աշակերտներուն զգալի թիւը: Խնդրեմ, եկէք Մանուկեան վարժարան եւ տեսէք թէ հայ եւ ոչ հայ աշակերտներ ինչպէս հայերէն երգեր ու ոտանաւորներ կ’արտասանեն: Կամ՝ անոնք ինչպէս ջանադրաբար կը սերտեն հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնը, հայոց լեզուն եւ հայ մշակոյթը:

Անշուշտ այս յաջողութիւնները հաւաքական աշխատանքի արդիւնք են: Ծնողք-աշակերտ-ուսուցիչ-հոգաբարձութիւն-տնօրէնութիւն արդիւնաւէտ եւ տարիներու համակարգուած գործակցութիւնը իր պտուղները կու տայ:

Վերոյիշեալ օղակներէն կարեւորագոյնը անկասկած տնօրէնութեան դերն է: Տնօրէնն է, որ ամենօրեայ տքնաջան հետեւողականութեամբ պիտի հսկէ ուսումնական բարձր մակարդակի ապահովման գործընթացը: Ի վերջոյ, երկրորդական վարժարանի յաջողութիւնները կը չափուին նաեւ պետական քննութիւններով եւ շրջանաւարտներու հեղինակաւոր համալսարաններ ընդունման թիւով: Ահա այստեղ է որ Մանուկեան վարժարանի շրջանաւարտները, վերջին տարիներուն մեծ յաջողութիւններու կը հասնին: Տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի մանկավարժական հմտութիւնները մեծապէս կ’արդիւնաւորուին: Ան ոչ միայն արդիւնաւէտ ղեկավար է, այլ նաեւ Central Michigan University-ի (CMU) Մանկավարժական ղեկավարում առարկայի գնահատուած դասախօս:

Տնօրէն Դոկտ. Թորոսեանին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ իր կրթական ասպարէզէն ներս:

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ        

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ