Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ԹՄՄ Փասատինա-Կլենտէյլի Մասնաճիւղի Դասախօսութիւնը. Միջին Արևելքի Տագնապը

Վերոյիշեալ նիւթով բանախօսական երեկոյ մը կազմակերպած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ մասնաճիւղի վարչութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ:

Հակառակ փոթորկոտ և անձրևոտ աննպաստ եղանակին, բանախօսութեան մօտիկ անցեալի կրկնակի ներկայացման և համայնքի բազմազբաղ միջոցառումներու ներկայութեան, նիւթով հետաքրքիր բազմութիւն մը ներկայ էր հանդիսութեան: Անոնք եկած էին մօտիկէն իմանալու իրենցմէ շատերու ծննդավայրին կամ երկրորդ հայրենիք կոչուած տարածքներուն վերջին լուրերը ներքին և արտաքին քաղաքական, տնտեսական և մանաւանդ՝ հայ համայնքներու կացութեան մասին, որոնք այսօր կ՚ապրին տագնապալի օրեր:

ԹՄՄ-ի վարչական և օրուան հանդիսավար Գէորգ Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն և համառօտ կերպով ներկայացուց օրուան բանախօսին՝ Յակոբ Մարտիրոսեանին կենսագրութիւնը, որմէ ետք զինք հրաւիրեց բեմ ներկայացնելու համար օրուան բանախօսութիւնը:

Յակոբ Մարտիրոսեան, շեշտելով բանախօսութեան անկողմնակալ ներկայացումը, մանրամասնութեամբ անդրադարձաւ Միջերկրական աւազանի և Միջին Արևելքի տարածաշրջաններուն շուրջ կատարուած իրողութիւնները, Հռոմէական ժամանակաշրջաններէն սկսեալ, կեդրոնանալով 16-րդ դարէն ետք տիրակալ պետութիւններու տարած լուրջ պայքարին վրայ, որուն միակ նպատակն էր այդ տարածաշրջաններու հարստութեանց տիրանալ:

Մարտիրոսեան ապա կեդրոնացաւ Միջին Արևելքի, Ասիոյ և հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու «արաբական գարնան» հետեւանքներուն վրայ, նշելով իւրաքանչիւր երկրի պարագան, կացութիւնը ներկայիս և անոնց հետեւանքները: Ան նշեց նաև արևմուտքի, թրքական և արևելքի տարած մրցակցական պայքարը այդ շրջաններու տիրապետութեան համար, որուն հետեւանքով կը տուժեն երկիրներ, անոնց տնտեսութեան քայքայում, մարդկային միլիոնաւոր զոհերու, աքսորի և արտագաղթի պատճառ դառնալով:

Բանախօսութեան աւարտին, Մարտիրոսեան անդրադարձաւ նաև այդ տարածաշրջաններու հայ համայնքներու մասին, որոնք յարաբերաբար կ՚ապրին անհանգիստ կարգավիճակով: Ան նշեց, թէ խնդրոյ առարկայ եղած շրջաններու հայ բնակչութեան մեծ մասնիկը արդէն բռնած է գաղթականի ցուպը դէպի օտար երկիրներ, շատեր՝ մայր հայրենիք, իսկ մնացեալը՝ կ՚ապրի այն յոյսով, որ օրին մէկը խաղաղութիւն պիտի տիրէ այնտեղ:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ աւանդութիւն դարձած ճոխ հիւրասիրութեամբ, ուր ներկաները շարունակեցին մտերմիկ խոհերով կարծիքներ և նորութիւններ փոխանակել իրարու հետ:

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ