Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԹՄՄ Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ. Հրապարակային երեկոյ Ստեփան Թոփչեանի «Կարիճի տարի» հատորին

Կիրակի, Ապրիլ 30-ի երեկոյեան, ԹՄՄ Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահը գրասէր հասարակութեան մը ժամադրավայրն էր՝ Միութեանս Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի հրապարակային երեկոյին։

Հրապարակագիր Ստեփան Թոփչեանի «Ապագայի յիշողութիւններ» հատորի հրատարակութենէն ետք, 2016-ին լոյս տեսաւ «Կարիճի տարի» հատորը։

Երեկոն ընթացք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեանի բացման խօսքով, ապա ան իր կարգին բեմ հրաւիրեց հատորին հեղինակը՝ Ստեփան Թոփչեան։

Քէհէեան հանգամանօրէն ներկայացուց հեղինակը, անոր կեանքն ու գրական, հրապարակագրական վաստակը, որ սկիզբ առած էր Խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ։ Ան անդրանիկ զաւակն է Խորհրդային Հայաստանի երբեմնի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ու Գրողներու Միութեան ականաւոր անդամ Եդուարդ Թոփչեանի։

Միտքերու փոխանակման հրապարակային երեկոյին բեմին վրայ տեղ գրաւած էին Լիլիթ Քէհէեան եւ Ստեփան Թոփչեանը։ Քէհէեանի ներկայացումէն ետք, որպէս հեղինակ, ինք ներկայացուց իր հեղինակած հատորը, ու նախ անդրադարձաւ Խորհրդային տարիներուն իր ունեցած դժուարութեանց ու Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան ու ապա գաղթելով Միացեալ Նահանգներ, ան շարունակեց իր հրապարակագրական գործունէութիւնը՝ անցնող 25 տարիներուն։

Նոր հրատարակուած հատորը՝ «Կարիճի տարի», իր ամբողջութեամբ կը նկարագրէ պատկերը ընկերային ու կենցաղային, ինչպէս նաեւ շահագործումի առաջնորդող անառողջ կենցաղը՝ 25 տարիներու վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան։ Հեղինակին ներկայացումէն ի յայտ եկաւ իր կամեցողութիւնը, որպէս մտահոգ հրապարակագիր, Հայաստանէն արտագաղթի երեւոյթին, որ մանաւանդ վերջերս դարձած է իւրաքանչիւր մտահոգ սփիւռքահայ հայրենասէրի համար կարեւոր երեւոյթ մը։

Շուրջ ժամ մը տեւող հեղինակային ներկայացումը իր աւարտին հասաւ ու հետաքրքրասէր ներկաները իրենց մտահոգ հարցադրումները կատարեցին, որոնց ուղղուած մեկնաբանութեամբ հեղինակը յագեցուց անոնց հետաքրքրութիւնը։

Երեկոյի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ հատորներու մակագրումը՝ հեղինակին կողմէ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ