Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Տարօն Մարգարեան վերընտրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփելով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները, փոխանցեց բոլոր 474 տեղամասերու տուեալները։

Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը յաղթած է 240,036 ձայն, կամ՝ 71,25 տոկոս հաւաքելով։

Ելք դաշինքը ստացած է 70,731 ձայն, կամ՝ քուէներուն 21 առ հարիւրը, իսկ «Երկիր Ծիրանին»՝ 26,109 ձայն, կամ՝ ընտրողներուն քուէներուն 7,75 տոկոսը։

Այսպիսով, Երեւանի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Տարօն Մարգարեանը։

Ընտրութեան մասնակցած են քուէարկելու իրաւունք ունեցող երեւանցիներուն մօտ 41 տոկոսը։ Համեմատելու համար աւելցնենք, թէ Ապրիլ 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկութեան մասնակցած էր երեւանցիներուն շուրջ 59 տոկոսը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ