Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԱՄՆ.- Նախագահ Թրամփ անգամ մը եւս հերքեց, թէ իր վարչակազմը Ռուսիոյ իշխանութիւններուն հետ որեւէ ձեւով կապ ունի։ NBC-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան պնդած է, որ նախընտրական իր ընտրական մեքենային եւ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն միջեւ շփումներ եղած չեն։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ.- Ատրպէյճանական մեծագոյն դրամատունը՝ Միջազգային դրամատունը Մայիս 13-ին Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց իր սնանկութեան մասին։ Պարտքը կը կազմէ 3,3 միլիառ տոլար եւ այս ձեւին դիմած են պարտքը վերաձեւակերպելու համար։ Սնանկութեան պատճառը քարիւղի ցած գիներն են։ Սնանացած է նաեւ Մոսկուայի մէջ գործող Ատրպէյճանի Միջազգային Դրամատան քոյր բաժանմունքը։

ՖՐԱՆՍԱ.- Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը երկրի վարչապետ նշանակեց Հաւր քաղաքի քաղաքապետ, աջ կեդրոնամէտ Էտուար Ֆիլիփը։

ՍՈՒՐԻԱ.- ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Թրամփի եւ Էրտողանի հանդիպումին ընթացքին պիտի քննուի Սուրիոյ քիւրտերուն ԱՄՆ-ի կողմէ ցոյց տրուող աջակցութիւնը։ Թուրքիա կը շարունակէ պնդել, որ Սուրիոյ քիւրտերը կապեր ունին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ։ Իսկ Ամերիկա Սուրիոյ քիւրտերը կը համարէ «Իսլամական պետութեան» դէմ մարտնչող հիմնական ուժ։

ԹՈՒՐՔԻԱ.- Թուրքիոյ զինուած ուժերը կը պատրաստուին նոր ռազմախարիսխ հիմնել Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող էլ Պապ շրջանին արեւմուտքը՝ Աքիլի բարձունքին վրայ։

ՉԻՆԱՍՏԱՆ.- Նախագահ Սի Ցզինփին ողջունած է Փեքինի մէջ ընթացող միջազգային համագործակցութեան «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» հաւաքի մասնակիցները, որոնց շարքին 30 երկիրներու ղեկավարներ, ներառեալ՝ ռուս նախագահ Փութին։ Փեքինի այս նախաձեռնութիւնը կրնայ ընդգրկել աշխարհի բնակչութեան 60 տոկոսը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ